Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ` «ԽՈՐՎԻՐԱՊԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆԻՆ ԵՒ «ԶՕՐԱՆՈՑ»-ԻՆ ՄԷՋ

December 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍ­ՊԵՏ ՄԱՆ­ՃԻԿ­ԵԱՆ

Աղաճան Եագուպեան, Ասպետ Մանճիկեան, Կարապետ Գրիգորեան եւ Արմէն Պետրոսեան

Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան բարձ­րա­գոյն հիմ­նար­կի ու­սա­նող էի, երբ «Ազ­դակ»-ի մէջ աշ­խա­տան­քի մտայ: Ըն­կերս` Պե­տիկ Հեր­կել­եան, որ թեր­թին մէջ սրբագ­րի­չի պաշ­տօն կը վա­րէր, անակն­կա­լօ­րէն  հիւան դա­ցած էր եւ ժա­մա­նակ մը պի­տի բա­ցա­կա­յէր: Քե­րա­կա­նու­թեան ու­սու ցիչս` Յա­րու­թիւն Քիւրքճ­եան, զիս յանձ­նա­րա­րած էր: Խմբագ­րու­թե­նէն Հա­յա­գի­տա­կան լուր ղրկած էին` ներ­կա­յա­նա­լու: Տնօ­րէնս` Եր­ուանդ Փամ­պուք­եան, իր թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց: Ըս­ուե­ցաւ, որ աշ խա­տան­քը կ՛ընդգր­կէ սրբագ­րու­թեան գի­շե­րա­յին բա­ժի­նը, եւ ուշ ժա­մե րուն տուն վե­րա­դառ­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չըլ­լա­լով` սեն­եակ մը պի­տի յատ­կաց­ուէր, ուր բնա­կու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէի:

«Ազ­դակ»-ի տպա­րանն ու խմբագ­րա­տու­նը կը գտնուէ­ին Պէյ­րու­թի արեւմտ­եան կող­մը, Ուաթ­ուաթ թա­ղին մէջ, Ճե­մա­րա­նէն քիչ մը ան­դին, «Արա Երե­ւան­եան» կեդ­րո­նա­կան ակում­բին քո­վը: Շրջա­նին ան­ծա­նօթ ըլ­լա­լով` Ճե­մա­րա­նի ու­սու­ցիչ Մատ­թէ­ոս Պէր­պէր­եա­նին թե­լադր­ուած էր, որ դա­սե­րէն ետք, երե­կոյ­եան զիս «Ազ­դակ»-ի տպա­րա­նը առաջ­նոր­դէ:

Բարձ­րա­յարկ շէն­քի մը գետ­նա­յար­կը, նկու­ղէ մը, քա­նի մը սեն­եա­կէ եւ շա­րող ու տպող մե­քե­նա­նե­րէ բաղ­կա­ցած էր տպա­րա­նը: Ըս­ուե­ցաւ, որ առան­ձին թուղ­թե­րու վրայ տպուած փոր­ձե­րը պի­տի սրբագ­րէի:

Առա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւնը չի մոռց­ուիր, եւ յա­ճախ յե­տին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն իսկ կը յիշ­ուին:

Առան­ձին նիւ­թե­րու, լու­րե­րու եւ յօդ­ուած­նե­րու սրբագ­րու­թե­նէն ետք կար նա­եւ էջի սրբագ­րու­թիւնը: Իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թի սրբագ­րու­թիւնը պի­տի ստուգ­ուէր էջին վրայ, պի­տի ստուգ­ուէր, որ սիւ­նակ­ներն ու խո­րա­գիր­նե­րը ճիշդ դրուած եւ շար­ուա՞ծ են: Պի­տի ստուգ­-ւէ­ին նա­եւ էջա­թիւն ու թուա­կա­նը:

Էջը եւ փոր­ձե­րը դրուե­ցան սե­ղա­նին վրայ: Թէ ի՞նչ եւ ինչ­պէ՞ս պէտք էր սրբագ­րել, ատի­կա չէի գի­տեր, չէր ըս­ուած: Թէ ո՞վ էր պա­տաս­խա­նա­տուն եւ որո՞ւ հետ պէտք էր խօ­սիլ, որո՞ւ պէտք էր հարցը­նել, ատի­կա ալ չէի գի­տեր. բո­լորն ալ ան­ծա­նօթ էին: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իր գոր­ծին վրայ կեդ­րո­նա­ցած, մե­քե­նա­նե­րուն կամ գրա­սե­ղան­նե­րուն առ­ջեւ, կ՛աշ­խա­տէր: Բայց կար մէ­կը, որ ձեռ­քե­րը ետին, նրբանց­քին վրայ հան­դար­տօ­րէն կ՛եր­թար կու գար: Մտա­ծե­լով, որ ու­րեմն ան պէտք է ըլ­լայ գոր­ծին պա­տաս­խա­նա­տուն, ըսե­լիքս եւ հա­ւա­նա­կան հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը մտքիս մէջ պատ­րաս­տե­լէ եւ քա­նի մը ան­գամ հո­լո­վե­լէ ետք, սրբագ­րու­թիւն­նե­րը ձեռքս` մօ­տե­ցայ, խնդրե­լով բա­ցատ­րել, թէ ի՛նչ պէտք էր ընել:

Հա­զիւ հար­ցու­ցած, բո­լո­րը մէկ բարձ­րա­ձայն խնդուք մը փրցու­ցին: Շուա­րած եւ ամօ­թա­հար` «հի­մա ասոնք կը վռնտեն զիս», ըսի ես ին­ծի եւ աչ­քիս առ­ջեւ պատ­կե­րա­ցաւ գի­շեր­ուան այդ ժա­մուն դուրս դրուե­լու ուր­ուա­կա­նը:

Կուշտ ու կուռ ծի­ծա­ղե­լէն հան­դար­տե­լէ ետք, պաշ­տօն­եա­նե­րէն մէ­կը, ան, որ սրբագ­րու­թիւն­նե­րը տուած էր ին­ծի, մօ­տե­ցաւ եւ ըսաւ.

– Տղաս, Լե­ւո­նը տպագ­րի­չի օգ­նա­կան է եւ սրբագ­րու­թե­նէ բան չի հասկ­նար: Սխալ ան­ձի հար­ցու­ցիր: Եթէ բա­նի մը պէտք ու­նե­նաս, ին­ծի հար­ցուր, անունս Ար­մէն է: Կ՛ու­զես` ան­գամ մը պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գի­րին հետ խօ­սիր:

Պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գի­րը Սար­գիս Մահ­սէ­րէճ­եանն էր, որուն գրա­սեն­եա­կը առաջ­նորդ­ուե­ցայ: Ծա­նօ­թա­ցու­մի քա­նի մը խօս­քե­րէ ետք Սար­գիս հար­ցուց, որ առա­ջի՞ն ան­գամն է տպա­րան կը տես­նեմ: Ըսի` այո, առա­ջին ան­գամն է, Պե­տի­կը փո­խա­րի­նե­լու եկած եմ եւ չեմ գի­տեր, թէ մնա­յո՞ւն պի­տի աշ­խա­տիմ: Ըսաւ, որ իբ­րեւ մնա­յուն աշ­խա­տա­կից պի­տի ըն­դու­նին զիս, եւ առաջ­նոր­դեց` գոր­ծին ու աշ­խա­տա­կից­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար:

Տպա­րա­նի մուտ­քին ձախ կող­մը, պա­տի եր­կայն­քին երեք մեծ մե­քե­նա­ներ շար­ուած էին: Իւ­րա­քան­չիւ­րէն կա­պա­րէ հաստ ու եր­կար կա­ղա­պար մը կախ­ուած էր դէ­պի հա­լո­ցը, անիւը կը դառ­նար, եւ գրա­շար­նե­րը, մե­քե­նա­յին առ­ջեւ նստած` կը շա­րէ­ին:

Կար­գով մօ­տե­ցանք եւ ծա­նօ­թա­ցանք. Կա­րա­պետ Գրի­գոր­եան, Աղա­ճան Եա­գուպ­եան եւ Վրէժ Մատ­թէ­ոս­եան:

Գրա­շար­նե­րուն ետին եր­կար եւ բազ­մա­թիւ դա­րակ­նե­րէ բաղ­կա­ցած պա­հա­րանն էր: Իւ­րա­քան­չիւր տառ եւ տա­ռա­տե­սակ իր պա­հա­րա­նը ու­նէր. այդ տա­ռե­րով կը շար­ուէ­ին խո­րա­գիր­նե­րը:

Պա­հա­րա­նին կող­քին, մուտ­քի դրան քո­վէն դէ­պի նկու­ղին խոր­քը կ՛եր­կա­րէր մար­մա­րէ եր­կար սե­ղա­նը, որուն վրայ էջադ­րու­մի աշ­խա­տան­քը կը կա­տար­ուէր: Թեր­թի էջի ծա­ւա­լով եր­կա­թեայ ութ կազմ­ուածք­ներ կա­յին: Կա­պա­րի վրայ շար­ուած տո­ղե­րը հոն կը դա­սա­ւոր­ուէ­ին, եւ կող­քի պա­հա­րա­նի տա­ռե­րէն ալ խո­րա­գիր­նե­րը կը     շար­ուէ­ին, որ­մէ ետք եր­կաթ­նե­րը կ՛ամ­րաց­ուէ­ին եւ էջը կազմ­ուած կ՛ըլ­լար: Էջադ­րո­ղը` Ար­մէն Պետ­րոս­եան. պաշ­տօ­նա­կից մը, որուն նկատ­մամբ առա­ջին օրէն ջերմ հա­մակ­րանք մը զգա­ցի, եւ ան մին­չեւ վերջ ալ հո­գա­ծու վե­րա­բեր­մունք մը պա­հեց ին­ծի նկատ­մամբ:

Տպագ­րա­կան մե­քե­նան յա­րա­կից ըն­դար­ձակ սեն­եա­կին մէջն էր: Թուղ­թի լայ­նա­ծա­ւալ կլոր փաթ­թո­ցը կա­պա­րէ էջե­րուն վրա­յէն դառ­նա­լով` կը ծալ­ուէր, կը կտրուէր եւ մե­քե­նա­յին առ­ջե­ւէն թեր­թի վե­րած­ւած լոյս կը տես­նէր: Տպագ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն` Մու­նիր Ապ­պուտ. եր­բեմն զայն կը փո­խա­րի­նէր եղ­բայ­րը` Ուա­ժիհ. անոնց օգ­նա­կա­նը` Լե­ւոն Սար­գիս­եան:

Գոր­ծի սկսե­լէն քա­նի մը օր ետք, ու­սու­ցիչս` Յա­րու­թիւն Քիւրքճ­եան, երե­կոյ մը, դա­սե­րէն ետք, մէկ կողմ քա­շեց զիս, հե­տաքրքր­ուե­ցաւ աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քով, թե­լադ­րու­թիւն­ներ ըրաւ, քա­ջա­լե­րեց եւ հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը բա­ցատ­րե­լէ ետք յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց:

Պե­տի­կին աշ­խա­տան­քի վե­րա­դառ­նա­լէն ետք, աշ­խա­տան­քա­յին բա­ժա­նու­մով մը, մի­ա­սին ստանձ­նե­ցինք գոր­ծին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը, բայց Պե­տիկ իրեն վե­րա­պա­հեց ամե­նայն հա­յոց սրբագ­րի­չի տիտ­ղո­սը:

Բնա­կա­րա­նը, որ յատ­կաց­ուած էր, բարձ­րա­յարկ շէն­քի մը առա­ջին յար­կին վրայ գտնուող «Բա­գին»-ի նախ­կին խմբագ­րա­տունն էր, տպա­րա­նին եւ «Արա Երե­ւան­եան» ակում­բին մի­ջեւ գտնուող բաց տա­րա­ծու­թեան դի­մա­ցը: Մէկ մեծ եւ ապա­կի­նե­րուն մէկ մա­սը կոտր­տած սեն­եա­կէ, երեք փոքր (մէ­կը ան­գոր­ծա­ծե­լի դար­ձած) սեն­եակ­նե­րէ եւ իր խառ­նի­ճա­ղան­ճու­թեամբ «անգլ­ի­ա­կան թան­գա­րան» կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած խո­հա­նո­ցէ մը ու լուա­ցա­րա­նէ մը, մին­չեւ առաս­տա­ղը գիր­քե­րով եւ «Բա­գին»-ի հին հա­ւա­քա­ծո­նե­րով լեց­ուած եւ փո­շի­նե­րու մէջ թաղ­ուած եւ կա­հա­ւո­րումն ալ քա­նի մը հին ու մա­շած աթո­ռէ, սե­ղա­նէ եւ շար­ժա­կան փոքր մահ­ճա­կալ­նե­րէ բաղ­կա­ցած տուն մը, որ Պե­տի­կին կող­մէ «զօ­րա­նոց» կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած էր:

Նոյն փո­ղո­ցին վրայ, «Արա Երե­ւան­եան» ակում­բին դի­մա­ցը, լայն շէն­քի մը առա­ջին յար­կին վրայ կը գտնուէր խմբագ­րա­տու­նը, որ բաղ­կա­ցած էր մուտ­քին` քար­տու­ղա­րուհիի փոքր սեն­եա­կէն, լայն աշ­խա­տա­սեն­եա­կէ մը եւ ու­րիշ երեք փոքր սեն­եակ­նե­րէ, որոնց­մէ մէ­կուն մէջ կը գտնուէր գրա­դա­րա­նը:

Հե­տա­գա­յին, ապա­հո­վա­կան կա­ցու­թեան վատ­թա­րաց­ման եւ եր­թե­ւե­կի դժուա­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ, Պուրճ Հա­մու­տի մէջ առ­ժամ­եայ խմբագ­րա­տուն մը բաց­ուե­ցաւ եւ խմբագ­րա­կան կազ­մի աշ­խա­տա­կից­ներ հոն­կէ թղթակ­ցու­թիւն­ներն ու յօդ­ուած­նե­րը տպա­րան կ՛ու­ղար­կէ­ին:

Տպա­րա­նին աշ­խա­տան­քը կ՛ընդգր­կէր ցե­րե­կա­յին եւ գի­շե­րա­յին բա­ժին: Ցե­րե­կը ներ­քին` եր­րորդ,  չոր­րորդ, հին­գե­րորդ եւ վե­ցե­րորդ էջե­րը կը պատ­րաստ­ուէ­ին եւ կը շար­ուէ­ին, գի­շե­րը` ար­տա­քին չորս էջե­րը: Գրա­շար­նե­րը եր­կու խմբա­կի բաժն­ուած էին, իւ­րա­քան­չիւ­րը շա­բաթ մը ցե­րե­կը, շա­բաթ մը գի­շե­րը: Միւս խմբա­կը կը կազ­մէ­ին Աւե­տիս Պա­ւուկ­եան եւ Վար­դան Պո­յաճ­եան: Էջադ­րու­մի ցե­րե­կա­յին բա­ժի­նը ստանձ­նած էր արեւմտ­եան Պէյ­րու­թի բնա­կիչ Յա­կոբ Գա­լայճ­եան:

Աշ­խա­տա­կազ­մին առանձ­նա­յա­տուկ դէմքն էր Հեն­ցը` Գրի­գոր Արիս­տա­կէս­եան, տպա­րա­նին պա­հա­կը, աշ­խա­տա­կից­նե­րուն պա­հա­պա­նը, հա­ւա­տա­րիմ ըն­կե­րը եւ հա­ճե­լի զրու­ցա­կի­ցը:

Ժա­մա­նակ մը ետք, ապա­հո­վա­կան կա­ցու­թեան վատ­թա­րա­ցու­մով եւ գի­շե­րա­յին եր­թե­ւե­կի ան­կա­րե­լիու­թեան պատ­ճա­ռով, տպա­րա­նին միւս աշ­խա­տա­կից­ներն ալ, որոնք արե­ւել­եան Պէյ­րութ կը բնա­կէ­ին, հար­կադր­ուած եղան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու «զօ­րա­նոց»էն ներս եւ շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն միայն տուն եր­թա­լու: Ցե­րե­կա­յին աշ­խա­տան­քի բա­ժի­նը փո­փո­խու­թեան են­թարկ­ուե­ցաւ եւ գրա­շար­նե­րը մէկ խմբա­կի վե­րած­ուե­ցան:

*
*   *

Տու­նէն գործ եւ գոր­ծէն տուն շա­բա­թա­կան եր­թե­ւե­կը, Սար­գի­սին եւ Ար­մէ­նին ինք­նա­շարժ­նե­րով, խմբո­վին կը կա­տա­րէ­ինք: Շա­բաթ առ­տու տպա­րա­նէն ճամ­բայ կ՛ել­լէ­ինք, իսկ կի­րա­կի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը եր­կու­քին Պուրճ Հա­մու­տի «Սար­դա­րա­պատ» ակում­բին առ­ջե­ւը կը հա­ւաք­ուէ­ինք եւ ճամ­բայ կ՛իյ­նա­յինք: Յա­ճախ մե­զի կ՛ըն­կե­րակ­ցէ­ին նա­եւ պա­հա­կու­թեան կամ այլ գոր­ծե­րով արեւմտ­եան Պէյ­րութ ուղ­ղուող­ներ կամ հոն­կէ տուն վե­րա­դար­ձող­ներ: Եղան ժա­մա­նակ­ներ, երբ շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն ալ կա­րե­լի չե­ղաւ վե­րա­դառ­նալ: Մայ­րա­քա­ղա­քին «արե­ւել­եան» եւ «արեւմտ­եան» կող­մե­րուն մի­ջեւ սահ­մա­նա­գի­ծը հա­տող ճամ­բա­նե­րը ար­ձա­կա­զէն­նե­րու եւ զին­եալ տար­րե­րու քմա­հա­ճոյ­քին են­թա­կայ էին: Ճամ­բայ ել­լե­լէ առաջ պէտք էր հարց­նել, ստու­գել, թէ ո՛ր ճամ­բան բաց էր եւ նուազ վտան­գա­ւոր, ո՛ր ճամ­բան` գոց կամ աւե­լի վտան­գա­ւոր: Ար­ձա­կա­զէն­նե­րու փամ­փուշտ­նե­րուն ու ռմբա­կո­ծում­նե­րու կրա­կին բռնուե­լու վտան­գը միշտ աչ­քի առ­ջեւ էր, եւ քա­նի ան­գամ ալ մա­զա­պուրծ ազա­տե­ցանք կամ պա­տա­հա­կա­նու­թիւնը փրկեց մեզ:

Ան­գամ մը, տու­նէն գոր­ծի գա­ցած ժա­մա­նակ, չորս հոգի­ով` Ար­մէ­նին, Մու­նի­րին եւ Լե­ւո­նին հետ, սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ, արեւմտ­եան կող­մը զին­եալ տար­րե­րու կող­մէ բռնուե­ցանք: Զնտան մը իջե­ցու­ցին մեզ, ուր քա­նի մը մո­մեր վա­ռած էին եւ խոր­քէն խոշ­տան­գու­մի ձայ­ներ կը լսուէ­ին: Արա­գա­հար­ուած­նե­րը ուղ­ղե­ցին մեր վրայ, «Նա­պաա­յի վրէ­ժը լու­ծել» սպառ­նա­ցին եւ մա­հը ցոյց տա­լէ ետք ար­ձա­կե­ցին:

Ու­րիշ ան­գամ մը, գոր­ծէն տուն վե­րա­դար­ձին, երբ Սար­գի­սին հետ ձի­ար­ձա­կա­րա­նին պա­տին առ­ջե­ւէն հետի­ոտն կ՛անց­նէ­ինք, ար­ձա­կա­զէն­նե­րու կրա­կին բռնուե­ցանք. նոյն պա­հուն ռմբա­կո­ծու­մը սկսաւ եւ հա­զիւ հազ մենք մեզ աւա­զէ տոպ­րա­կէ դիր­քի մը ետեւ նե­տե­ցինք: Յե­տոյ իմա­ցանք, որ նոյն այդ ժա­մուն հոն քա­նի մը զո­հեր ին­կած էին:

Ան­գամ մըն ալ իմաս­տա­սի­րու­թեան դա­սա­խօ­սիս`  Վազ­գէն Էթի­ե­մեզ­եա­նին հետ տուն կը վե­րա­դառ­նա­յինք: Արե­ւել­եան կող­մը անց­նե­լէն ետք զին­եալ­ներ կե­ցու­ցին մեզ եւ զիս ինք­նա­շար­ժէն վար առին, իսկ դա­սա­խօ­սիս հրա­հան­գե­ցին հե­ռա­նալ: Վճռա­կան կեր­պով եւ ինք­զինք վտան­գե­լու գնով Էթի­ե­մեզ­եան մի­ջամ­տեց եւ ըսաւ, որ ինք իմ դա­սա­խօսս է, չի կրնար զիս ճամ­բան ձգել եւ աւել­ցուց, որ եթէ չձգեն զիս, ինք տե­ղէն պի­տի չշար­ժի: Դա­սա­խօ­սիս վճռա­կան կեց­ւած­քը իր ազ­դե­ցու­թիւնը գոր­ծեց եւ ձգե­ցին զիս:

*
*  *

Պա­տե­րազ­մի, անա­պա­հո­վու­թեան, ռմբա­կո­ծում­նե­րու, թա­ղա­յին կռիւ­նե­րու, առե­ւան­գում­նե­րու եւ սպա­նու­թիւն­նե­րու այդ օրե­րուն ամ­բողջ օրը մի­ա­սին էինք: Ստեղծ­ուած էր հա­ւա­քա­կան կեան­քի գո­յա­վի­ճակ մը, ըն­կե­րա­կան մտեր­միկ ջերմ մթնո­լորտ մը, որ տար­բեր էր սո­վո­րա­կան նկա­տուող կեան­քէն, եւ ան­բա­ցատ­րե­լի համ ու հոտ ու­նէր:

Գի­շե­րը, աշ­խա­տան­քը որոշ հանգր­ուա­նի մը հասց­նե­լէ եւ ընդ­հան­րա­պէս ներ­քին չորս էջե­րուն ստու­գու­մը կա­տա­րե­լէն ետք, սո­վո­րա­բար լու­րե­րու պա­հուն, հա­ւա­քա­կան ճա­շի ժամն էր. «կէ­սօր­ուան ճաշ» կը կոչ­ուէր, բայց Պե­տի­կին հա­մար` «նա­խա­ճաշ»:

Ու­տես­տե­ղէ­նի գնում­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնը Լե­ւո­նին եւ օֆիս պոյ Հիւ­սէյ­նին յանձն­ուած էր, իսկ դրա­ցի մսա­վա­ճա­ռը` Ահ­մէտ ստանձ­նած էր ճա­շե­րու պատ­րաս­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը: Կարգ մը ճա­շեր ալ տպա­րա­նը կը պատ­րաս­տէ­ինք: Բո­լոր ծախ­սե­րը խմբագ­րու­թիւնը ստանձ­նած էր:

Կէս գի­շե­րին, գոր­ծը բա­ւա­կան կար­գի դնե­լէն եւ ար­տա­քին եր­կու-երեք էջե­րուն ստու­գու­մը կա­տա­րե­լէն ետք դա­դա­րի պահն էր, եւ իբ­րեւ տպա­րա­նին կրտսե­րը կամ «չո­ճու­խը», սուրճ     կամ թէյ պատ­րաս­տե­լու «ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւնը» ին­ծի յանձն­ուած էր:

Յե­տոյ կը սկսէր «վեր­ջին ճա­կա­տա­մար­տը»` սպա­սե­լով պատ­կե­րաս­փիւ­ռէն, ձայ­նաս­փիւ­ռէն կամ «Ռոյ­թըրզ» եւ «ԱՖՓ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րէն քա­ղուող վեր­ջին լու­րե­րուն, թարմ լու­րե­րուն: Սար­գիս ամե­նայն բա­րեխղ­ճու­թեամբ կը սպա­սէր եւ սպասց­նել կու տար, որ­պէս­զի նո­րու­թիւն մը դուրս չմնայ, եւ թեր­թը վեր­ջին լու­րե­րով լոյս տես­նէ:

Ելեկտ­րա­կա­նու­թեան ընդ­հատ­ման, մե­քե­նա­կան խան­գար­ման, կա­պար­նե­րը սա­ռե­լու եւ կամ շար­ուած ու ամ­րաց­ուած էջե­րէն մէ­կը փրթե­լու եւ թա­փե­լու պա­րա­գա­յին, բա­ներ, որոնք այն­քան ալ ար­տա­սո­վոր երե­ւոյթ­ներ չէ­ին, գոր­ծը կ՛եր­կա­րէր եւ յա­ճախ ալ ար­շա­լոյ­սը կը խնկար­կէ­ինք:

Լար­ուած աշ­խա­տան­քի, յոգ­նու­թեան, անու­շադ­րու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ էջադ­րու­մի սխա­լի կամ մա­շած գի­րե­րու պատ­ճա­ռով վրի­պակ­ներ կը սպրդէ­ին: Հա­մա­գու­մա­րը ան­գամ մը շար­ուած էր մա­հա­գու­մար: Զօ­րի Բա­լայ­եա­նը եղած էր Ջո­րի Բա­լայ­եան: Ամե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը` մմե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կոս: Իբ­րեւ հա­յոց պատ­մու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգր­ուան­նե­րէն ար­ձա­նագր­ուած էր Աշոտ Ողոր­մած թա­գա­ւո­րին կող­մէ Բագ­րա­տու­նի­նե­րու ախո­ռը Անի տե­ղա­փո­խե­լու իրա­դար­ձու­թիւնը: Սպի­տակ տու­նը եղած էր Սպի­տակ շու­նը: Ու­րիշ ան­գամ մըն ալ «Եա­սէր Աա­րա­ֆաթ Հիւ­սէյն թա­գա­ւո­րին հա­ւե­րով» (հրա­ւէ­րով) Ամ­ման ժա­մա­նած էր:

Կը պա­տա­հէր, որ տպագ­րու­թիւնը սկսե­լէն ետք սխալ մը նկատ­ուէր. այդ ժա­մա­նակ տպագ­րու­թիւնը կը կեց­նէ­ինք եւ կը սրբա-           գ­րէ­ինք: Ան­գամ մը, նա­խա­գահ Իլ­ի­աս Սար­գի­սի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան խո­րա­գի­րը շար­ուած էր` «Վեր­ջին յար­գանգ նա­խա­գահ Իլ­ի­աս Սար­գի­սի»: Տպագ­րու­թիւնը սկսե­լէն բա­ւա­կան ետք Սար­գիս սխա­լը նկա­տե­լով` ըսաւ. «Այս ի՜նչ յար­գանք է»: Տպագ­րու­թիւնը կե­ցու­ցինք, սրբագ­րե­ցինք, բայց որով­հե­տեւ բա­ւա­կան, հա­ւա­նա­բար քա­նի մը հա­րիւր թիւ ար­դէն տպուած էր եւ կա­րե­լի չէր զա­նոնք թա­փել, «ասի­կա ալ մեր կող­մէն յար­գանք մը թող ըլ­լայ», ըսինք: Թեր­թին մէկ մա­սը լոյս տե­սաւ «յար­գանգ»-ով, մնաց­եալ մա­սը` «յար­գանք»-ով:

Այլ ան­պա­տե­հու­թիւն մըն էր կա­պա­րին ծուխն ու մու­րը, մա­նա­ւանդ` կա­պար­նե­րը հա­լեց­նե­լու ժա­մա­նակ. բան մը, որ հա­կա­ա­ռող­ջա­պա­հա­կան էր եւ թո­քե­րուն կ՛ազ­դէր: Բայց կաթն ու մա­ծու­նը հա­կա­թոյն էին:

Գոր­ծը աւար­տե­լէն ետք, գի­շեր­ուան ժա­մը եր­կու, երեք կամ աւե­լի ուշ` ընթ­րի­քի պահն էր, բայց Պե­տի­կին հա­մար կէ­սօր­ուան ճաշ էր ատի­կա:

Յե­տոյ, մինչ Մու­նիր եւ Լե­ւոն տպագ­րու­թեան կը սկսէ­ին (անոնք տպա­րա­նը կը քնա­նա­յին), բո­լորս մէկ, խմբո­վին «զօ­րա­նոց» կը բարձ­րա­նա­յինք: Քնա­նա­լէ առաջ օր­ուան լու­րե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան ու զի­նուո­րա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն քննար­կու­մը կը կա­տար­ուէր, եւ եր­բեմն ալ թղթա­խա­ղի սե­ղա­նին շուրջ արե­ւա­ծա­գը կը դի­մա­ւոր­ւէր:

Թղթա­խա­ղի սե­ղա­նին շուրջ ու­րիշ մթնո­լորտ մը կը ստեղծ­ուէր: Ակ­նար­կու­թիւն­ներ կ՛ըլ­լա­յին` դուն այս­պէս պէտք էր ընէ­իր, այն­պէս պէտք չէր ընէ­իր, այս թուղ­թը պէտք էր խա­ղա­յիր, միւ­սը պէտք չէր խա­ղա­յիր: Կա­րա­պետ ամէ­նէն մո­լի եւ լար­ուած խա­ղա­ցողն էր եւ շատ կը նեղ­ուէր ու կը կարմ­րէր պար­տու­թեան պա­րա­գա­յին: Երբ շա­հէր, բո­լորս մէկ կը ձայ­նակ­ցէ­ինք` «Սահ­թէյն Կա­րա­պետ սահ­թէյն, սահ­թէյն Կա­րա­պետ սահ­թէյն»: «Կե­րէ՛ք, հա, կե­րէ՛ք, աչ­քով կե­րէք», կ՛ըլ­լար Կա­րա­պե­տին պա­տաս­խա­նը:

Վեր­ջին քնա­ցո­ղը միշտ Պե­տիկն էր. առան­ձին քաշ­ուած` բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն կը գրէր, «պսակ կը հիւ­սէր», արագ-արագ կը խմէր, կը ծխէր, սեն­եա­կը ծու­խով կը պա­տէր եւ առ­տուն կամ կէ­սօր­ուան մօտ, «ընթ­րե­լէ» ետք, կը քնա­նար:

*
*  *

Սարգիս Մահսէրէճեան, Աւետիս Պաւուկեան, Կարապետ Գրիգորեան, Փանոս Մանճեան, Վրէժ Մատթէոսեան. նստած` Լեւոն Սարգիսեան

Կէ­սօ­րին, արթն­նա­լէ ետք, տպա­րան` «Խոր Վի­րապ» առա­ջին իջ­նո­ղը Սար­գիսն էր: Օր­ուան լու­րե­րու ըն­թաց­քին կը հե­տե­ւէր, նիւ­թե­րը կը դա­սա­ւո­րէր, եւ անձ­նա­կազ­մի դժուա­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ` շուրջ տասն­չորս-տասն­հինգ  ժամ բա­ցա­ռիկ լար­ուած կեդ­րո­նա­ցու­մով էջե­րը կը լեց­նէր. կա­րե­լի է ըսել` խմբագ­րա­կան գոր­ծին մե­ծա­գոյն մա­սը ինք կը կա­տա­րէր:

Սար­գիս, եղ­բօր մը նման, հո­գա­տա­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէր մեր առօր­եա­յին, թե­լադ­րու­թիւն­ներ կ՛ընէր, որ հոգ տա­նինք մեր կեն­ցա­ղին եւ անա­պա­հո­վու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ` վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւն­նե­րու չեն­թարկ­ուինք:

Սար­գիս Մահ­սէ­րէճ­եան ինք քա­ջա­լե­րեց զիս յօդ­ուա­ծագ­րու­թեան սկսե­լու, ուղ­ղու­թիւն տուաւ, թե­լադ­րու­թիւն­ներ ըրաւ եւ բծախնդ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թեան նուիր­ուած առա­ջին յօդ­ուա­ծա­շարքս աւար­տին հասց­նե­լու հա­մար:

Աւե­տիս` տպա­րա­նին Պա­պու­կը կամ Ծե­րու­նին, մո­լի ծխող էր եւ սի­կա­րե­թը բեր­նէն չէր ձգեր: Արագ եւ գրե­թէ առանց մե­քե­նա­յին առ­ջե­ւէն շար­ժե­լու աշ­խա­տե­լուն հա­մար «ան­նա­հանջ թնդա­նօթ» կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած էր: Այն­քան մա­քուր կը շա­րէր, որ եր­բեմն իր շա­րա­ծը սրբագ­րե­լու ժա­մա­նակ կը մօ­տե­նար եւ կ՛ըսէր. «Ի զուր սխալ կը փնտռես»: Եւ իս­կա­պէս ալ եր­կար եւ դժուար ըն­թեռն­լի ձե­ռա­գիր­ներ անս­խալ կը շա­րէր: Ամէ­նէն «խրթին» նկա­տուող յօդ­ուած­նե­րը ինք կը ստանձ­նէր եւ այն­պի­սի արա­գու­թեամբ կը շա­րէր, որ աւար­տե­լէն ետք կ՛ըսէր. «Սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ շա­րե­ցի, վեր­ջա­ցու­ցի, բայց նոյ­նիսկ չհասկ­ցայ, թէ նիւ­թը ի՛նչ բա­նի մա­սին է»: Պա­պուկ հպարտ էր իր հա­ճըն­ցիու­թեամբ եւ միշտ տա­րա­կար­ծիք էր Պե­տի­կին հետ. Մու­սա լե­րան 1915-ի քա­ռա­սուն օր­ուան հե­րո­սա­մա՞րտը պատ­մա­կան աւե­լի մեծ իրա­դար­ձու­թիւն էր, թէ՞ Հա­ճը­նի 1920-ի ու­թամս­եայ գո­յա­մար­տը:

Վար­դան` տպա­րա­նին Ռո­զը, անց­եա­լին եր­կար տա­րի­ներ եկե­ղե­ցին դպիր եղած էր եւ լաւ ձայն ու­նէր: Սո­վո­րու­թիւն ու­նէր աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ եր­գե­լու կամ խունկ մը աղօթք շա­րա­կա­նե­լու: Ատե­նին ան վի­րա­ւոր­ուած եւ մէկ աչքն ու ական­ջը կորսն­ցու­ցած էր: Պե­տիկ յա­տուկ երգ մը նուի­րած էր անոր` «Ռոզ պո­յիդ մեռ­նեմ»:

Կա­րա­պետ` տպա­րա­նին Կրպա­կը կամ Սիւ­փըր­մար­քե­թը, հա­ղոր­դա­կան եւ կա­տա­կա­սէր էր: Մա­քուր կը շա­րէր, բայց եր­բեմն դիտ­մամբ ար­տա­ռոց սխալ մը կը սպրդեց­նէր եւ վեր­ջին պա­հուն բռնե­լով կամ բռնել տա­լով` զուար­ճա­լիք­ներ կը հիւ­սէր: Ստա­մոք­սի ան­հանգըս­-տու­թե­նէ կը տա­ռա­պէր, ճա­շե­րուն ու­շադ­րու­թիւն կ՛ընէր, չէր ծխեր եւ ոգե­լից ըմ­պե­լի չէր գոր­ծա­ծեր: Օր մը «Արա Երե­ւան­եան» ակում­բին դի­մա­ցի ճա­շա­րա­նը մտած էր պա­տառ մը բան ու­տե­լու, եւ շէկ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով զին­եալ­նե­րուն կող­մէ օտա­րա­կան կարծ­ուե­լով` բռնուած, բայց յե­տոյ, ինք­նու­թիւնը հաս­տատ­ուե­լէն ետք ազատ ար­ձակ­ուած էր: Այդ օրէն անու­նը մնաց Շի­կա­մօ­րուս, եւ Պե­տիկ «պատ­մա­կա­նօ­րէն» փաս­տար­կեց, որ ան խա­չա­կիր առաջ­նորդ Ֆրե­տե­րիք Շի­կա­մօ­րու­սի սե­րուն­դէն է: Ֆրե­տե­րիք Մու­սա լեռ այ­ցե­լած է եւ Սե­բաստ­իա փո­խադր­ուած անոր շա­ռա­ւիղ­նե­րէն է Կա­րա­պետ:

Աղա­ճան` տպա­րա­նին Աղան, յա­րա­բե­րա­բար աւե­լի ինք­նամ­փոփ էր, անի­րա­ւու­թիւն­ներ չէր հան­դուր­ժեր եւ խաչ­բառ լու­ծե­լու մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նէր: «Վա­լիզ» կո­չու­մին ար­ժա­նա­ցած մեծ տոպ­րակ մը ու­նէր, որ թան­կա­գին գան­ձի պէս միշտ քո­վը կը պա­հէր` տպա­րա­նէն «զօ­րա­նոց» եւ «զօ­րա­նո­ցէն» տպա­րան: Նա­պաթի­էն միշտ Նա­ա­պաթիէ կը շա­րէր, պա­աս կու­սակ­ցու­թիւնը` պասս կու­սակ­ցու­թիւն: Հպարտ էր իր կար­մուճ­ցիու­թեամբ եւ միշտ կ՛ըսէր, որ Կար­մու­ճի քա­ջե­րը ուր­ֆա­ցի­նե­րուն փառքն ու պար­ծան­քը եղած են: Իր տե­սաշ­խար­հին մէջ կեդ­րո­նա­կան տեղ ու­նէր Արաբ­փու­նա­րը, ուր ապ­րած էր իր ման­կու­թիւնն ու երի­տա­սար­դու­թիւնը:

Վրէժ` տպա­րա­նին Ֆրե­զը կամ Ելակ հօ­րեղ­բայ­րը, անց­եա­լին «Լ՛օր­ի­ան լը ժուր» ֆրան­սա­տառ թեր­թին մէջ աշ­խա­տած էր եւ հա­յե­րէ­նը «Ազ­դակ»-ի մէջ սոր­ված էր: Առանց գրու­թեան իմաս­տին հե­տե­ւե­լու կը շա­րէր, աւե­լի ճիշդ` «կը նկա­րէր», եւ եր­բեմն ան­կապ նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ կը կազ­մէր ու ծի­ծա­ղե­լի սխալ­ներ կը սպրդեց­նէր: Խօ­սակ­ցու­թեան մէջ ալ սխալ բա­ռեր կը գոր­ծա­ծէր եւ սի­կա­րե­թը վա­ռե­լէն ետք «մոխ­րապ­նա­կը» կը փնտռէր: Նշա­նա­ւոր էր ծո­վա­յին ար­կա­ծախնդ­րու­թեան իր պատ­մու­թիւնը, որ բա­զում ան­գամ­ներ յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ պատ­մած էր. պատ­մած ժա­մա­նակ ձեռ­քե­րը թի­ա­վա­րե­լու ձե­ւով շար­ժե­լով` կ՛ըսէր. «Թէա՛վա­րե­ցինք, թէա՛վա­րե­ցինք»:

Ար­մէն` տպա­րա­նին Սրբա­զա­նը կամ Պատր­ի­ար­քը, էջադ­րու­մի աշ­խա­տան­քին վրայ հա­կած, սի­կա­րե­թը ձեռ­քը, մի­ա­ժա­մա­նակ եր­բեմն սուրբ պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն կը կա­տա­րէր: Բազ­մա­կող­մա­նի հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ ու­նէր. տպա­րան բեր­ուած արա­բե­րէն բո­լոր թեր­թե­րը աչ­քէ կ՛ան­ցը­նէր, պատ­մա­կան, գրա­կան կամ կրօ­նա­կան գիր­քեր ձեռք կը ձգէր կամ փոխ կ՛առ­նէր եւ աշ­խա­տան­քէն ետք կամ հան­գիս­տի ժա­մե­րուն ինք­զինք ըն­թեր­ցա­նու­թեան կը նուի­րէր: Ըն­տա­նի­քը Հա­լէպ կը մնար եւ յե­տոյ Պէյ­րութ փո­խադր­ուե­ցաւ: Գոր­ծի բե­րու­մով ինք քիչ առիթ­նե­րով կինն ու զա­ւակ­նե­րը տես­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նէր: Մտեր­միկ զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին յու­զու­մով կ՛ար­տա­յայտ­ուէր, որ ըն­տա­նե­կան կեան­քէն հե­ռու ապ­րե­ցաւ եւ չկրցաւ հօ­րե­նա­կան իր բո­լոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րել զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ: Քա­նի ան­գամ արա­բա­կան թեր­թե­րէ գոր­ծի առա­ջարկ­ներ եկան իրեն, ան­գամ մըն ալ Հա­լէ­պէն աշ­խա­տան­քի հրա­ւէր ստա­ցաւ, եւ` վար­ձատ­րու­թեան աւե­լի լաւ պայ­ման­նե­րով, բայց Ար­մէն միշտ ալ մեր­ժեց ճա­կա­տը լքել: Հե­տա­գա­յին, արե­ւել­եան շրջան փո­խադր­ուե­լէն ետք ան քա­հա­նայ եղաւ տէր Վա­րանդ անու­նով,  Քա­նա­տա փո­խադր­ուե­ցաւ եւ հոն ալ վախ­ճա­նե­ցաւ:

Հենց, փա­ղաք­շա­կա­նօ­րէն` Հեն­ցու­կը, իր ար­կա­ծա­լից յու­շե­րով, պատ­մու­թիւն­նե­րով, պատ­մա­կան քննար­կում­նե­րով ու զուար­ճա­լիք­նե­րով իւ­րա­յա­տուկ մթնո­լորտ կը ստեղ­ծէր: Հե­տաքրք­րա­կան էին անոր պատ­մա­կան քննար­կում­ներն ու «գի­տա­կան» փաս­տար­կում­նե­րը: Կ՛ըսէր, որ Բա­բե­լո­նէն ել­լե­լէն ետք Հայկ նա­հա­պետ կրնար բա­րե­բեր եր­կիր­ներ եւ քա­րիւ­ղով հա­րուստ վայ­րեր ալ նուա­ճել: Մեծ թշնա­մի էր Արա Գե­ղե­ցի­կին, որ չէր ըն­դա­ռա­ջած Ասո­րես­տա­նի Շա­մի­րամ թա­գուհի­ին ամուս­նու­թեան առա­ջար­կին: «Եթէ ըն­դա­ռա­ջած ըլ­լար, հի­մա Իրա­քը մե­զի կ՛ըլ­լար», կ՛ըսէր: «Աշ­խար­հի մէջ ինչ կ՛ու­զես ըրէ, ոճիր գոր­ծէ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծադ­րէ, թե­րեւս Աստ­ուած կը նե­րէ, Վեր­ջին դա­տաս­տա­նի օրը կրնաս ինք­զինքդ ար­դա­րաց­նել. բայց եթէ աղ­ջիկ մը ինք առա­ջար­կէ եւ մեր­ժես, ատի­կա ան­նե­րե­լի յան­ցանք է», կ՛եզ­րա­կաց­նէր Հենց:

Զա­ւէն Թո­րիկ­եան մար­զա­կան էջի խմբա­գիրն էր, մին­չեւ ուշ երե­կոյ լու­րե­րուն կը սպա­սէր եւ տպա­րա­նի առօր­եայ զուար­ճա­լիք­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րէր: Զա­ւէն արեւմտ­եան Պէյ­րու­թի բնա­կիչ էր:

*
*  *

Պետիկ Հերկելեան

Թա­ղա­յին, հա­կա­մարտ զին­եալ խմբակ­նե­րու կող­մէ տպա­րա­նին մօ­տա­կայ­քը մղուող կռիւ­նե­րը կամ ծանր ռմբա­կո­ծում­նե­րը կը խախ­տէ­ին «բնա­կա­նոն» մթնո­լոր­տը: Պե­տիկ կը մեր­ժէր տե­ղէն շար­ժիլ` առար­կե­լով, որ կռուող­նե­րը իր կար­ծի­քը չեն առ­ներ, հե­տե­ւա­բար ինքն ալ պար­տա­ւոր չէ անոնց քմայ­քին են­թարկ­ուե­լու եւ տե­ղէն շար­ժե­լու: Իսկ Հենց, որ կը սի­րէր ռմբա­կո­ծում­նե­րուն կամ ար­ձա­կուող հրթիռ­նե­րուն «հա­ճոյ­քը առ­նել» եւ «նա­շան վա­յե­լել», պահ մը լուռ ականջ կտրե­լէ ետք, կռուող կող­մե­րէն մէ­կուն կամ միւ­սին ուղղ­ուած դի­տո­ղու­թիւն­ներ կ՛ար­ձա­կէր եւ յե­տոյ ալ զի­նուո­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րու իր պա­շա­րէն մե­զի բա­ժին կը հա­նէր:

Եղաւ ժա­մա­նակ մը, մա­նա­ւանդ` հա­յե­րու իրե­րա­յա­ջորդ առե­ւան­գում­նե­րու եւ սպա­նու­թիւն­նե­րու շրջա­նին, երբ գի­շե­րը տպա­րա­նէն տուն բարձ­րա­նա­լը, ճամ­բան քա­նի մը մեթ­րը կտրե­լը վտան­գա­ւոր դար­ձաւ: Բարձ­րա­նա­լէն առաջ հե­ռա­ձայ­նա­յին ներ­քին գի­ծով ակում­բի պա­հակ տղոց լուր կու տա­յինք, արա­գա­հար­ուած­նե­րով ակում­բին առ­ջե­ւը, փո­ղո­ցին ուղ­ղու­թեամբ դիրք կը բռնէ­ին, տպա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ ալ Լե­ւոն արա­գա­հար­ուա­ծը ձեռ­քին կը սպա­սէր եւ այդ­պէս կը բարձ­րա­նա­յինք:

Ար­մէ­նին հետ եր­բեմն, հան­դարտ օրե­րուն, յետ­մի­ջօ­րէ­նե­րը Սա­նա­յեհ, մօ­տա­կայ հան­րա­յին պար­տէզ եր­թա­լու եւ քիչ մը զբօս­նե­լու սո­վո­րու­թիւն ըրած էինք: Օր մըն ալ առան­ձին գա­ցած էի: Նշմա­րե­ցի, որ քիչ մը ան­դին երեք հո­գի կը փոր­ձեն լու­սան­կա­րել զիս: Ան­մի­ջա­պէս ան­կիւնը դար­ձայ: Քիչ ետք նկա­տե­ցի, որ այլ ուղ­ղու­թեամբ մը մօ­տե­ցան եւ դարձ­եալ փոր­ձե­ցին լու­սան­կա­րել: Արա­գօ­րէն հե­ռա­ցայ եւ այ­լեւս չմտա­ծե­ցինք այդ կող­մե­րը եր­թալ:

Երե­կոյ մը բո­լո­րը գոր­ծի իջած էին եւ «զօ­րա­նո­ցի» սեն­եակ­նե­րը քիչ մը կար­գի կը դնէի, երբ դու­ռը զարն­ուե­ցաւ. խո­հե­մու­թիւն չնկա­տե­ցի բա­նալ: Քա­նի մը օր ետք դարձ­եալ նոյ­նը կրկնուե­ցաւ, եւ այ­լեւս նա­խընտ­րե­ցիք նոյ­նիսկ ցե­րե­կը առան­ձին չմնալ:

Նու­պար Չար­խուտ­եան` թեր­թին մէջ լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող «Խա­ւա­րի աս­պետ­ներ»-ուն հե­ղի­նա­կը, որուն բնա­կա­րա­նը տպա­րա­նէն քա­նի մը տասն­եակ մեթր ան­դին էր, ինք­զինք անա­պա­հով զգա­լով` ան­կո­ղի­նը մեր մօտ փո­խադ­րեց: Տպա­րան իջ­նե­լէն ետք, Նու­պար, որ չա­փա­զանց ճշդա­պահ էր աշ­խա­տան­քի իր ժա­մե­րուն մէջ, կը սի­րէր նախ օր­ուան թեր­թը աչ­քէ ան­ցը­նել  եւ յե­տոյ գոր­ծի սկսիլ: Զուար­ճա­լիք մը պատ­րաս­տե­լու մտքով, Լե­ւոն, որ իւ­րա­քան­չիւ­րին բա­ժին թեր­թը մէկ կողմ դրած կ՛ըլ­լար, Նու­պա­րին բա­ժի­նը վերց­նե­լով` կը պա­հէր:

– Աշ­խար­հի մէջ ամէն տեղ կրնաս «Ազ­դակ» օրա­թերթ գտնել, բա­ցի «Ազ­դակ» օրա­թեր­թի տպա­րա­նին մէջ,- կ՛ըլ­լար Նու­պա­րին սո­վո­րա­կան գան­գա­տը:

*
*  *

Այդ օրե­րու առօր­եա­յին մաս կը կազ­մէր նա­եւ տպա­րա­նին ճիշդ վրան, շէն­քի մուտ­քին բնա­կող երգ­չու­հի Մա­թիլտ Պու­տագ­եա­նը: Ամէ­նօր­եայ հիւ­րը, գի­շե­րա­յին զրու­ցա­կի­ցը, որ բո­լո­րին ըսե­լիք մը, կա­տակ մը ու­նէր, կը խնդար, կը խնդաց­նէր եւ մթնո­լոր­տը կը թե­թեւց­նէր: Պե­տիկ  յա­ճախ անոր կը դի­մէր, աշու­ղա­կան այս կամ այն եր­գին բա­ռե­րը կը խնդրէր, եւ  յե­տոյ, «սի­րա­յին տա­րեգ­րու­թիւնը հարս­տաց­նե­լու հա­մար» ձեռ­քը բռնե­լով` խնդակ­ցու­թիւնը կը յայտ­նէր:

Օր մը ռմբա­կո­ծում­նե­րուն ժա­մա­նակ Մա­թիլ­տին տու­նը վնաս­ուե­ցաւ. վա­զե­ցինք, ելանք եւ կա­րե­լիու­թեան սահ­մա­նին մէջ օգ­նե­ցինք: Յա­ջորդ օր Մա­թիլտ անու­շե­ղէ­նով եկաւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու: Սար­գիս, քաղց­րա­ւե­նին ճա­շա­կե­լէն ետք մաղ­թեց. «Մա­թիլտ, ամէն օր ռումբ մը թող գայ տունդ եւ ամէն օր մե­զի անու­շե­ղէն բեր»:

Տպա­րա­նին եւ ակում­բին մի­ջեւ գտնուող բաց տա­րա­ծու­թեան վրայ եր­կու փոքր ճա­հիճ­ներ կազմ­ուած էին: Պա­հակ տղոց­մէ մէ­կը այդ ճա­հիճ­նե­րը Վա­նայ եւ Սե­ւա­նայ լի­ճե­րուն նման­ցուց: Մա­թիլտ ձայ­նը բարձ­րա­ցուց. «Ինչ­պէ՛ս կը հա­մար­ձա­կիս այդ աղ­տոտ ճա­հիճ­նե­րը մեր անն­ման լի­ճե­րուն հետ բաղ­դա­տել»:

«Արա Երե­ւան­եան» ակում­բը, իր պա­հակ տղոց­մով, շէն էր եւ յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը փո­խա­նա­կէ­ինք: Պա­հակ տղա­քը պար­բե­րա­բար կը փոխ­ուէ­ին: Մնա­յուն պա­հակն էր Յա­կոբ Պզտիկ­եան եւ կի­նը` Ալիս մայ­րի­կը. բա­րե­համ­բոյր եւ ծա­ռա­յա­սէր, անոնք միշտ աշ­խա­տե­ցան օգ­տա­կար ըլ­լա­լու բո­լո­րին:

*
*   *

Ճե­մա­րա­նը մաս կը կազ­մէր առօր­եայ կեան­քին: Հա­յա­գի­տա­կա­նին արե­ւել­եան շրջան փո­խադր­ուե­լէն ետք ալ շրջա­նա­ւարտ գի­շե­րօ­թիկ­նե­րէն ոմանք, գլխա­ւո­րա­բար` պարս­կա­հա­յե­րը, մնա­ցած էին: Պա­հակ տղաքն ալ իրենց կար­գին մտեր­միկ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծած էին:

Ման­կա­վար­ժու­թեան դա­սա­խօ­սիս` Մու­շեղ Իշ­խա­նին հետ եր­կար կը ճե­մէ­ինք Ճե­մա­րա­նի բա­կը: Զուար­թա­խոհ, պարզ եւ հա­ղոր­դա­կան` կը սի­րէր զուար­ճա­լիք­ներ պատ­մել: Օր մը սոր­վե­ցուց, որ ձու­կին արու կամ էգ ըլ­լա­լը գիտ­նա­լու հա­մար պէտք է շօ­շա­փել. եթէ մար­մինդ գրգռուի` էգ է, այ­լա­պէս` արու:

Հա­յա­գի­տա­կա­նի ըն­կե­րու­հի­ներս քրո­ջա­կան ջերմ եւ հո­գա­ծու վե­րա­բեր­մունք ու­նէ­ին, յա­ճախ ճա­շի կը հրա­ւի­րէ­ին կամ իրենց պատ­րաս­տած քաղց­րա­ւե­նի­նե­րով կը հիւ­րա­սի­րէ­ին:

Սուրբ Նշան եկե­ղե­ցին Ճե­մա­րա­նէն քիչ մը ան­դին էր: Մուտ­քի կող­մի դիր­քը վտան­գա­ւոր կը նկատ­ուէր եւ առա­ւե­լա­բար ետե­ւի բա­կի կող­մէն ելու­մուտ կը կա­տար­ուէր: Մեծ պահ­քի կամ Աւագ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին` յետ­մի­ջօ­րէ­նե­րը, կամ` կի­րա­կի առա­ւօտ, աղ­ջիկ­նե­րը եկե­ղե­ցի եր­թա­լու աւան­դու­թիւնը պա­հած էին. միշտ ձայն կու տա­յին եւ իբ­րեւ «պա­տուոյ պա­հակ» կ՛ըն­կե­րակ­ցէի անոնց:

Տէր Վրթա­նէս քա­հա­նան, որ անց­եա­լին Քե­սա­պի հովիւը եղած էր, միշտ կը հե­տաքրքր­ուէր գիւ­ղա­կան նո­րու­թիւն­նե­րով եւ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն վի­ճա­կով:

Պե­տի­կին հետ եր­բեմն Համ­րա` Պօ­ղոս Սնապ­եա­նենց այ­ցե­լու­թեան կ՛եր­թա­յինք: Երբ Սնապ­եան­նե­րը Այն­ճար եր­թա­յին, տու­նը Պե­տի­կին կը վստա­հէ­ին: Եր­բեմն ալ եւ յատ­կա­պէս շա­բա­թա­վեր­ջե­րուն Պե­տիկ հոն կը քնա­նար:

Ան­գամ մը Համ­րա եր­թա­լու ժա­մա­նակ ճամ­բան կրա­կոց­նե­րու բռնուե­ցանք: Ու­րիշ ան­գամ մըն ալ Սնապ­եան­նե­րուն տան մօ­տա­կայ­քը բռնուե­ցանք եւ հար­ցու­փոր­ձի են­թարկ­ուե­ցանք. Պե­տիկ  քա­նի մը ան­կապ բա­ռե­րով պա­տաս­խա­նեց. «թրքիշ» ըսին եւ ճամ­բու դրին:

Տպա­րան վե­րա­դառ­նա­լէն ետք Պե­տիկ ըսաւ. «Այ­սօր շատ վտան­գա­ւոր ցա­մա­քա­հա­նում մը կա­տա­րե­ցինք»: Հենց ձայ­նը բարձ­րա­ցուց.

– Տղա՛ք, մի՛ եր­թաք, Աստ­ուած չը­նէ, եթէ ձե­զի բան մը պա­տա­հի, ի՞նչ պի­տի ընենք:

Ատի­կա եղաւ Պե­տի­կին հետ Համ­րա մեր վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւնը:

Քա­նի մը խօսք ալ` այդ օրե­րու իրե­րօգ­նու­թեան մա­սին: Եղան ժա­մա­նակ­ներ, երբ հա­մայ­նա­վար­նե­րուն տպա­րա­նը թուղ­թի տագ­նա­պի մատն­ուե­ցաւ եւ մեզ­մէ օգ­նու­թիւն խնդրե­ցին: Փո­խա­դար­ձա­բար ալ, երբ մենք թուղ­թի տագ­նա­պի մատն­ուե­ցանք, անոնք ձեռք եր­կա­րե­ցին: Տա­կա­ւին ճամ­բա­նե­րը յա­րա­բե­րա­բար ապա­հով էին, երբ «Զար­թօնք» «Ազ­դակ»-ին դի­մեց` խնդրե­լով առ­ժա­մա­բար էջադ­րող մը տրա­մադ­րել, յայտ­նե­լով, որ այ­լա­պէս պի­տի չկա­րե­նան թեր­թը լոյս ըն­ծա­յել: Ար­մէն օգ­նու­թեան փու­թաց, որ­պէս­զի աշ­խա­տա­կի­ցի չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով հայ թեր­թի մը լոյս ըն­ծա­յու­մը չընդ­հատ­ուի:

*
*   *

Գոր­ծը առա­ջին ձգո­ղը եղաւ Վար­դա­նը: Մեկ­նու­մի պա­հուն, ող­ջա­գուր­ուե­լէն ետք, յու­զու­մէն դողդ­ղա­ցող ձայ­նով մը ըսաւ. «Պի­տի տա­ռա­պիք, կա­րօ­տէս պի­տի տա­ռա­պիք… ես ալ ձեր կա­րօ­տէն պի­տի տա­ռա­պիմ»: Ամե­րի­կա փո­խադր­ուած ըն­տա­նի­քին քով գնաց եւ շատ չան­ցած` մա­հա­ցաւ: Պե­տիկ, որ սո­վո­րու­թիւն ու­նէր միշտ եւ ամէն բան զուար­ճա­լի­քով դի­մա­կա­լե­լու, ըսաւ. «Ով գի­տէ` Ամե­րի­կա­յի ո՛ր ած­խա­հան­քը գնաց ճգնե­ցաւ, քա­նի տա­կառ ասիտ, քա­նի տա­կառ պեն­զին խմեց, որ այդ­քան շուտ մա­հա­ցաւ»:

Իբ­րեւ էջադ­րո­ղի օգ­նա­կան` տպա­րա­նի աշ­խա­տա­կազ­մին մի­ա­ցաւ Ճո­նի Հայ­տոս­թեան, որ իր բա­րե­համ­բոյր եւ հա­ղոր­դա­կան բնա­ւո­րու­թեան շնոր­հիւ բո­լո­րին սի­րե­լին եւ մտե­րի­մը դար­ձաւ: Եր­բեմն հե­տը շիշ մը օղի կը բե­րէր. կը սի­րէր մթնո­լորտ ստեղ­ծել եւ դի­մա­ցի­նը ու­րա­խաց­նել: Ան­գամ մը Ար­մէն եր­կու-երեք օր­ուան հա­մար ար­ձա­կուրդ առաւ Հա­լէպ` ըն­տա­նի­քին քով եր­թա­լու: Մեկ­նե­լէն առաջ Ճո­նի ատր­ճա­նա­կը ցոյց տա­լով անոր ըսաւ. «Մէկ շա­բա­թէն առաջ եթէ դառ­նաս, ոտ­քե­րէդ պի­տի զար­նեմ»: Եւ յօ­ժա­րա­կամ ան շա­բաթ մը առան­ձին ստանձ­նեց ամ­բողջ գոր­ծը: Քա­նի մը ամիս ետք Ճո­նի զոհ գնաց ար­ձա­կա­զէ­նի մը փամ­փուշ­տին:

Աշ­խա­տա­կազ­մին յա­ջորդ կո­րուս­տը եղաւ Պե­տի­կը: Ան­կա­նոն իր ապ­րե­լա­կեր­պը լրջօ­րէն վնա­սած էր առող­ջու­թեան: Վեր­ջին շրջա­նին յա­ճախ յո­ռե­տե­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կ՛ու­նե­նար եւ ինք­զինք «տկար ծնունդ» կը նկա­տէր: Ու­տե­լը յա­ճախ կը մոռ­նար, ինք­զինք աւե­լի խմե­լու եւ ծխե­լու տուած էր, ան­հան­գիստ կը քնա­նար եւ ջղա­յին դար­ձած էր: Որո­շեց գոր­ծը ձգել` հանգս­տա­նա­լու մտքով: Շատ  խնդրե­ցի, որ հրա­ժա­րի գոր­ծը ձգե­լու մտադ­րու­թե­նէն, բայց նկա­տի չա­ռաւ ըսածս:  Հրա­ժեշ­տի պա­հուն, երբ պի­տի մեկ­նէր, փոր­ձե­ցի ար­գելք հան­դի­սա­նալ եւ աղա­չե­ցի, որ մնայ եւ առան­ձին չձգէ մեզ, բայց Պե­տիկ ըսաւ. «Յոգ­նած եմ եւ պի­տի եր­թամ ձիւն տես­նե­լու, հանգըս­տա­նա­լու»: Հան­գիստ մը, որ աւա՜ղ եղաւ ան­վեր­ջա­նա­լի:

«Հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րը եր­կար չեն ապ­րիր», ըսած էր Պե­տիկ: Վեր­ջին հան­դի­պում­նե­րուն` «պի­տի տա­պա­լիմ» ըսաւ: Իրա­պէս ալ շատ չան­ցած` ծան­րօ­րէն հիւան­դա­ցաւ եւ հիւան­դա­նոց փո­խադր­ուե­ցաւ: Իբ­րեւ վեր­ջին փա­փաք, խնդրեց, որ ժո­ղո­վուր­դը չխղճայ վրան: Եւ երբ երե­կոյ մը զար­մի­կը` Վա­րու­ժան հայր սուր­բը ու­րիշ ազ­գա­կա­նի մը հետ անակն­կա­լօ­րէն տպա­րան մտան, տա­կա­ւին բան մը չը­սած` հասկ­ցայ, որ Պե­տիկ այ­լեւս ոչ եւս էր:

*
*   *

Արեւմտ­եան Պէյ­րու­թի 1987 փետր­ուա­րի կռիւ­նե­րը եկան վեր­ջա­կէտ մը դնե­լու արեւմտ­եան շրջա­նին մէջ մեր աշ­խա­տան­քին: Կռիւ­նե­րը, ծանր զէն­քե­րով, կը մղուէ­ին մեր ան­մի­ջա­կան շրջա­կայ­քը: Վեր­ջին թիւը տպա­րա­նէն լոյս տե­սաւ, բայց կա­րե­լի չե­ղաւ ցրուել: Մէկ շա­բաթ մեր բնա­կած շէն­քին ապաս­տա­նա­րա­նը ան­ցու­ցինք: Ար­ձա­կա­զէ­նին փամ­փուշտ­նե­րը մին­չեւ ապաս­տա­նա­րա­նին դու­ռը կը հաս­նէ­ին: Գի­շեր մը ռմբա­կո­ծում­նե­րէն բա­ժին ին­կաւ նա­եւ մեր բնա­կած յար­կա­բա­ժի­նին. հրդեհ բռնկե­ցաւ, եւ շատ մը գիր­քեր ու հա­ւա­քա­ծո­ներ հրոյ ճա­րակ դար­ձան:

Յե­տոյ Պուրճ Հա­մուտ փո­խադր­ուե­ցանք (խմբագ­րա­տու­նը ար­դէն շա­տոնց փո­խադր­ուած էր) եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր կեր­պով այլ տպա­րա­նի մը մէջ թեր­թը լոյս տե­սաւ, մին­չեւ որ «Շաղ­զոյ­եան» կեդ­րոն փո­խադր­ուե­ցանք: Ժա­մա­նակ մը ետք կա­պա­րով բա­նող lynotype մե­քե­նա­նե­րը հա­մա­կար­գիչ­նե­րով փո­խա­րին­ուե­ցան, եւ աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քը փոխ­ուե­ցաւ:

Այ­սօր­ուան աշ­խա­տան­քի ձե­ւը, մթնո­լոր­տը եւ պայ­ման­նե­րը, բնա­կա­նա­բար, տար­բեր են: Այ­լեւս չկայ «խոր­վի­րապ­եան» տպա­րա­նը. խղճուկ նկու­ղը` իր փոքր սեն­եակ­նե­րով. չկան կա­պա­րի ծուխն ու հո­տը, մե­լա­նի եւ մե­քե­նա­նե­րու մուրն ու փո­շին: Պատ­մու­թեան ան­ցած է գիր­քե­րու կոյ­տե­րու եւ փո­շի­նե­րու մէջ կորս­ուած «զօ­րա­նո­ցը»: Այ­լեւս ան­հուն եւ ախ­տա­գին կա­րօ­տի վե­րած­ուած քաղցր յուշ դար­ձած է հա­ւա­քա­կան այդ կեան­քը, որ իւ­րա­յա­տուկ էր եւ ան­վե­րա­կանգ­նելի­օ­րէն պատ­մու­թեան գիր­կը ան­ցած է:

Կեան­քի բնա­կա­նոն ըն­թաց­քով` տե­րե­ւա­թա­փը իրա­րու ետե­ւէ տա­րաւ հին աշ­խա­տա­կից­նե­րը. անոնք ափ մը հող դար­ձան: Ոմանք ալ հե­ռա­ցան, գաղ­թե­ցին, եւ նոր աշ­խա­տա­կից­ներ եկան շա­րու­նա­կե­լու անոնց առա­քե­լու­թիւնը: Տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ ար­ձա­նագր­ուած այս տո­ղե­րը թող վկա­յու­թիւն մը ըլ­լան յի­շա­տա­կին այն մար­դոց, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր միտ­քէն, հոգի­էն, սիր­տէն, արիւ­նէն եւ էու­թե­նէն բան մը տուաւ եւ իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ թեր­թի ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

ՍԵՒ ՈՒ ՃԵՐՄԱԿ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ . . . ԳՈՅՆԶԳՈՅՆ ՅՈՒՇԵՐ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ» ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.