Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԵՒ ՈՒ ՃԵՐՄԱԿ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ . . . ԳՈՅՆԶԳՈՅՆ ՅՈՒՇԵՐ

December 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. ԹՈ­ՐԻԿ­ԵԱՆ

Ար­դէն իսկ մոռց­ուած են «Ազ­դակ»ի Արեւմտ­եան Պէյ­րու­թի  Ուաթ­ուաթ շրջա­նի գրա­սեն­եակն ու տպա­րա­նը` իրենց ան­մո­ռա­նա­լի յու­շե­րով:

Իւ­րա­յա­տուկ էր այդ տպա­րա­նը, որ շէն­քի մը գետ­նա­յար­կը կը գտնուէր:

Փոր­ձենք յի­շել…

Շէն­քի մուտ­քին, ոս­կե­գոյն ցու­ցա­տախ­տա­կի մը վրայ գրուած էր «Ազ­դակ» եւ… դէ­պի ձախ ուղ­ղու­թիւն տուող «ֆլէշ» մը կ՛առաջ­նոր դէր աւե­լի ընդ­յա­տակ­եայ դուռ մը, ուր կա­րե­լի էր մուտք գոր­ծել եւ ապա այ­ցե­լել զա­նա­զան են­թա­բա­ժա­նում­ներ:

Հոս մոռ­ցանք կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն մը:

Հա­զիւ քա­նի մը աս­տի­ճան յա­ռա­ջա­ցած` այ­ցե­լո­ղին ընդ­հան­րա­պէս կը դի­մա­ւո­րէր իգա­կան խոր ու խրոխտ ձայն մը… երգ ու երաժըշ-­տու­թիւն: Մերթ հա­յե­րէն, մերթ ֆրան­սե­րէն եւ մերթ ալ անգ­լե­րէ­նով, այս ձայ­նի ետին գտնուող «տի­վա»ն մեր անն­ման Մա թիլտն էր… Պու­տագ­եան Մա­թիլ­տը:

Յստա­կա­ցում… Ընդ­հան­րա­պէս ունկն­դիր էինք եւ  շատ սա­կաւ` ակն­դիր: Այ­սինքն դժուար էր զինք տես­նե­լը, փո­խա­րէն շատ դիւ­րին` ունկնդ­րելն ու ըմ­բոշխ­նե­լը, յատ­կա­պէս դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Ան կը բնա­կէր «Ազ­դակ»ի այս տպա­րա­նը առաջ­նոր­դող աս­տի­ճան­նե­րու սե­մին:

Մա­թիլ­տին հա­մար եր­գե­լը ե՛ւ հա­ճոյք էր… ե՛ւ ժա­մանց: Այդ դա­ժան ռմբա­կո­ծում­նե­րուն ան կը յանդգ­նէր ամե­նայն լա­ւա­տե­սու թեամբ «La vie en rose»ը եր­գել… գոյն մը` կեանք մը, որ գո­յու­թիւն չու­նէր այդ օրե­րուն` թէ՛ կար­միր գոյ­նով պատ­ուած արիւ­նա­թա թախ Պէյ­րու­թի եւ թէ՛ «Ազ­դակ»ի սեւ ու ճեր­մակ էջե­րուն մէջ: Այս­պէս, Ուաթ­ուա­թի մեր Էտիթ Փի­ա­ֆը նոյն­քան հմտու­թեամբ նա­եւ կը գեղ­գե­ղէր Սա­յաթ Նո­վա­յէն… եւ` Էլ­լա Ֆից­ճե­րըլ­տէն գոր­ծեր:

Մա­թիլ­տին ունկնդ­րե­լու եւ անոր ձայ­նը վա­յե­լե­լու առի­թը շատ աւե­լի կ՛ու­նե­նա­յինք, յատ­կա­պէս երբ ապա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով որոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հա­մար ելեկտ­րա­կան ար­դի սար­քա­ւո­րում­նե­րով դուռ մը զե­տեղ­ուած էր, եւ միայն կարճ սպա­սու­մէ մը ետք կը բաց­ուէր դէ­պի դրախ­տա­յին խուց մուտք գոր­ծե­լու ճամ­բան:

Գոր­ծենք մուտք եւ յի­շենք պա­տա­ռիկ­ներ…

*
*  *

Առան­ձինն օրա­թերթ մըն էր ծա­նու­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Յա­կոբ Սա­րաֆ­եա­նը:

Ի՜նչ սրա­միտ տի­պար, ի՜նչ հա­մակ­րե­լի անձ­նա­ւո­րու­թիւն:

Այն­քա՜ն գուր­գու­րան­քով եւ բծախնդ­րու­թեամբ, ան կը կա­տա­րէր իր պաշ­տօ­նը:

Ան ժա­մեր կը տրա­մադ­րէր իր ու­զած եւ նա­խընտ­րած ոճով ծա­նու­ցու­մը պատ­րաս­տե­լու:…  Եւ ահա­ւա­սիկ աւար­տած էր ծխա­խո­տի նկա­րա­զարդ ծա­նու­ցում մը, իւ­րա­յա­տուկ «Սա­րաֆ­եան»ական (չշփո­թել Նի­կո­ղո­սի հետ) գրա­կա­նու­թեամբ. «Նուազ կուպ­րով եւ առա­ւել բոյ­րով` «Մե­րիթ» վա­ճա­ռա­նի­շով, ար­ժա­նի ծխա­խոտ­ներ…»:

Այս թարգ­մա­նա­կան եւ էջադ­րա­կան ժա­ման­ցը Յա­կո­բին նա­խընտ­րած եւ գոր­ծին հա­մե­մա­տա­բար դիւ­րին մասն էր: Ակ­նա­ծան­քով կը յի­շէր իր հա­ւա­քած եւ պատ­րաս­տած ծա­նու­ցում­նե­րը, ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­ներն ու հա­ճե­լի անակն­կալ­նե­րը: Ան պատ­մե­լու իւ­րա­յա տուկ ոճ մը ու­նէր, հե­զօ­րէն շար­ժե­լով ու մի­աց­նե­լով ձեռ­քի եր­կու մատ­նե­րու` բու­թա­մա­տի, ցու­ցա­մա­տի ծայ­րե­րը… փո­խա­րէն ազատ կա­սեց­նե­լով մնաց­եալ երե­քը:… Կար­ծէք կը հա­մե­մէր իր պատ­մա­ծը:

Նա­եւ կար մե­տա­լին միւս կող­մը… Այս­պէս, օր մըն ալ, երբ Յա­կոբ իր նա­խա­սի­րած գոր­ծե­րուն մէջ թաղ­ուած էր, յան­կարծ մուտք գոր ծեց կին մը: Թէ­եւ` բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ, սա­կայն իր շար­ժում­նե­րը այն­քան մը ծա­նօթ էին, որ պարզ ու մե­կին դժգո­հու­թիւն, զայ­րոյթ ու ցա­սում կը բու­րէ­ին: «Այս­տեղ ո՞վ է ծա­նու­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն»:… Յա­կո­բին քով նստած «օ­գնա­կան» Հրայր Ֆեր­ման­եա նը, որ այդ օրե­րուն նոր սկսած էր ծա­նու­ցում հա­ւա­քե­լու դա­սըն­թացք­նե­րուն, բա­ւա­կան մը հե­ռա­ցաւ այս զրոյ­ցի վայ­րէն:

Այդ­չափ ալ հա­ճե­լի չէր Հրայ­րին հա­մար այս­պի­սի կա­ցու­թեան մը առ­ջեւ գտնուիլ եւ առա­ջին օրե­րէն իսկ նմա­նօ­րի­նակ փոր­ձա­ռու թիւն ձեռք ձգել :

Մէ­կու մը «գլխուն գա­լիք կար»:

… Կարճ ժա­մա­նակ մը տի­րեց քար լռու­թիւն եւ ապա «Պա­պան­ձումն Զա­քար­իա»ի իրա­վի­ճակ մը, որ շու­տով ընդ­միջ­ուե­ցաւ Յա­կո բին` «Հրամ­մե­ցէ՛ք տի­կին» պա­տաս­խա­նով: Յա­կո­բին մօ­տէն ճանչ­ցո­ղին հա­մար պա­տաս­խա­նը հա­ւա­նա­բար կը շա­րու­նակ­ուէր եւ այդ ալ ցած ձայ­նով»… հի­մա մէ­ջը տուինք»:

Կա­ցու­թիւնը պայ­թու­ցիկ կը թուէր, սա­կայն հար­ցը` ցարդ ան­հասկ­նա­լի:

Սպա­նա­ցի բե­մադ­րիչ Փետ­րօ Ալ­մո­տո­վա­րի, այդ օրե­րու hռչա­կա­ւոր «Women on the verge of a nervous breakdown» ժա­պա­ւէ­նին մէկ տե­սա­րանն էր, որ կը կրկնուէր:

Շար­ժա­պատ­կե­րի բնա­գա­ւա­ռէն ներս մնա­լով` շա­րու­նա­կենք հիչ­քոք­եան սըս­փեն­սը:

«Այս խօ­սեց­եալ­քին գծով ո՞վ կա­տա­րած է դա­սա­ւո­րու­մը: Դուք չէ՞ք գի­տեր, թէ այս աղ­ջի­կը անն­կա­րա­գի­րին մէկն է եւ մեր ըն­տա­նի­քին հան­դէպ եր­բեք յար­գանք չու­նի: Դուք չէ՞ք գի­տեր, թէ խեղճ եղ­բայրս` Աւե­տի­սը, խաբ­ուած է եւ վա­ղը փուշ­ման պի­տի ըլ­լայ իր կա­տա րա­ծին: Աստ­ուած օգ­նա­կան ըլ­լայ իրեն… սի­րա՞ծը` ճաշ եփել ալ չի գի­տեր: Մա՛րդ Աս­տու­ծոյ… Առանց մեզ տե­ղե­կաց­նե­լու` այս­պի­սի ծա­նու­ցում­նե՞ր կը տե­ղադ­րէք»:

Իր ֆութ­պո­լիս­տի օրե­րուն Յա­կոբ շատ դժուար եւ ճգնա­ժա­մա­յին ակն­թարթ­ներ ան­ցու­ցած էր, եւ այդ օր­ուան «Ազ­դակ» այ­ցե­լող «Քար­մեն Մաու­րա»ին (Ալ­մո­տո­վա­րի վե­րո­յիշ­եալ ժա­պա­ւէ­նին հե­րո­սու­հին) հար­ցում­նե­րու եւ յար­ձա­կում­նե­րու տե­ղա­տա­րա­փին դի մաց ան կը փոր­ձէր պա­հել իր պա­ղա­րիւ­նու­թիւնը, մա­նա­ւանդ` սրամ­տու­թիւնը եւ, ան­շուշտ, պէտք էր, որ սա­րաֆ­եա­նա­կան մի­ջամ տու­թեամբ…» գնդա­կը հե­ռա­նար վտան­գէն»:

Յա­կոբ երբ պա­տաս­խա­նե­լու ժա­մա­նակ չնա­յէր իր խօ­սա­կի­ցին, այդ մէ­կը կը նշա­նա­կէր, թէ ան գոհ չէր եւ ան­շուշտ` զայ­րա­ցած: Այդ ձե­ւով է, որ ան պա­տաս­խա­նեց. «Առա­ջին հեր­թին խոր նե­րո­ղամ­տու­թիւն ձեր եղ­բօր` Աւե­տի­սին…գոյ­ժին հա­մար…»: Այ­ցե­լող ան­ծա նօթ «Մաու­րա»ն հա­ւա­նա­բար չէր հասկ­ցած Յա­կո­բի «աւե­տած» բա­ռա­խա­ղը, եւ ան­շուշտ յա­ջոր­դող սրամ­տու­թիւնը» Տի­կին, մենք ձեր բո­ղո­քը լա­ւա­պէս կը հասկ­նանք եւ կը  բաժ­նենք: Ան­պայ­ման որ պի­տի խորհր­դակ­ցինք տնօ­րէ­նու­թեան հետ, որ­պէս­զի այ­սու­հե տեւ յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը յա­ռա­ջաց­նէ եւ մէկ առ մէկ քննէ այս­պի­սի անա­խորժ եւ ան­հա­ճոյ կա­ցու­թիւն­ներ»:

Ան­ծա­նօթ «Մաու­րա»ն բա­ւա­կան անդրդ­ուե­լի կը մնար եւ շու­տա­փոյթ լու­ծում մը կը պա­հան­ջէր, որն էր… յա­տուկ այլ յայ­տա­րա­րու թեամբ մը չեղ­եալ նկա­տել կամ «ան­խօ­սեց­եալք»ի վե­րա­ծել այս խօ­սեց­եալ­քը:

Պա­տա­հա­րը չեր­կա­րենք: Յա­կոբ ջղագրգ­ռու­թեան դռնե­րը հա­սած այդ կնոջ դի­մաց մնաց անդրդ­ուե­լի եւ… հա­ւա­նա­բար Աւե­տիս ցայ սօր հան­գիստ կեանք մը կ՛ապ­րի իր կո­ղա­կի­ցին եւ ան­շուշտ` ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն հետ:

*
*  *

Երբ գոր­ծա­կից­նե­րէդ մէ­կը կը կոչ­ուի Պե­տիկ Հեր­կել­եան եւ աւե­լին… «Ազ­դակ»ի տպա­րա­նին մէջ բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տես մի­եւ­նոյն գրա­սեն­եա­կին` խու­ցին մէջ… Եու­հո՜ւ, ին­չե՜ր կա­րե­լի է յի­շել: Նոյ­նինքն իր «Եու­հո՜ւ» գիր­քին պատ­րաս­տու­թիւնը «Ազ­դակ»ի մէջ մտայ­ղաց­ուած է:

Վե­րո­յիշ­եալ նկա­րագր­ուա­ծը կը բա­ցա­յայ­տէր, թէ պա­տե­րու մէջ խեղդ­ուած էինք: Բնու­թեան  գէթ տար­րա­կան գո­յու­թեան ներ­կա­յու թիւնը փաս­տե­լու հա­մար Պա­րոն Պետ­րո­սին (եր­բեմն կը փա­փա­քէր պաշ­տօ­նա­կա­նու­թիւն` հա­կա­ռակ բո­լո­րո­վին պարզ ըլ­լա­լուն) հետ որո­շած էինք որ­մազդ­նե­րով զար­դա­րել մեր խու­ցին պաղ ու մերկ պա­տե­րը: Լի­բա­նան­եան կարգ մը տե­սար­ժան վայ­րե­րու կող­քին, նա եւ տե­ղադ­րած էինք Աթէն­քի Աք­րո­փո­լի­սի հնու­թիւն­նե­րու մէկ գե­ղե­ցիկ տե­սա­րա­նը: Որե­ւէ ճնշում կամ զայ­րոյթ… նայ­ուածք մը այս հնու­թիւն­նե­րուն` եւ ար­դէն թե­թե­ւու­թիւն մը մուտք գոր­ծած կ՛ըլ­լար մեր հոգի­էն ներս: Կող­քի խու­ցը վե­րա­պահ­ուած էր այդ օրե­րու մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու մե­քե­նա­նե­րուն` «Ա. Էֆ. Փէ.» եւ «Ռէ­օ­թըրզ», որոնք շա­րու­նակ աղմ­կե­լով` կը տե­ղե­կաց­նէ­ին զա­նա զան լու­րեր:

Այս իրա­րան­ցու­մին ու խառ­նի­ճա­ղան­ճին դի­մաց կա­րե­լի՞ էր աշ­խա­տիլ: Պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լար. «Այդ ալ ինչ­պէ՜ս»:

Oր մըն ալ, վե­րո­յիշ­եալ զայ­րա­ցած կնոջ նման, այլ պա­րա­գա­յի մը առ­ջեւ կը գտնուէ­ինք: Այս ան­գամ մարդ մը դա­տա­կան հար­ցի մը հա­մար, փո­խա­նակ դա­տա­րան եր­թա­լու, «Ազ­դակ» այ­ցե­լած էր, եւ իր հե­տե­ւո­ղա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով ու ան­հիմն ու ան­հե­թեթ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով կը զայ­րաց­նէր Պա­րոն Պետ­րո­սը եւ ար­գելք կը հան­դի­սա­նար Սրբագ­րա­պե­տին կամ տոքթ. Սրբագ­րի­չին կեդ­րո նաց­ման:

Աչ­քի «քլիք»ով մը, ան հասկ­ցու­ցած էր, թէ ի՛նչ պի­տի կա­տա­րէ­ինք… ակն ընդ ական, ան­հիմն, ան­հե­թեթ եւ ան­հասկ­նա­լի զրոյց մը, որուն նպա­տակն էր զար­մաց­նել եւ լռու­թեան մատ­նել դի­մա­ցի­նը: Եւ հարց-պա­տաս­խան զրոյ­ցը սկսանք.

– Գի­տե՞ս, թէ ինչ­պէ՛ս նա­խա­գահ Ֆրանս­ուա Մի­թե­րան յաղ­թա­կան դուրս եկաւ:

= Ան­շո՛ւշտ… Ռո­նալտ Ռի­կընն ու Մար­կը­րեթ Թա­չըր, ի նպաստ իրեն քու­է­ար­կե­ցին:

– Այդ իսկ պատ­ճա­ռով Եթովպ­իոյ մէջ Մեն­կուս­թօ Հայ­լէ Մար­ի­ամ կրցաւ երկ­րին ղե­կը ստանձ­նել:

= Եւ ճիշդ այդ իսկ պատ­ճա­ռով Չե­խոս­լո­վաք­իոյ մէջ գա­րե­ջու­րի ար­տադ­րու­թիւնը մագլ­ցում ար­ձա­նագ­րեց:

– Փո­խա­րէն, Չի­լէի մէջ ալ, Անտ­եան լեռ­նաշղ­թա­յին մէջ ար­ծիւ­նե­րու մէկ հիւան­դու­թիւնը պատ­ճառ դար­ձած էր, որ գինիի ար­տադ րու­թիւնը պակ­սի:

= Ինք­նա­բե­րա­բար, ասոր իբ­րեւ ար­դիւնք… պա­րապ տա­կառ­նե­րը փո­խադր­ուե­ցան Ար­ժան­թին:

– Հե­տե­ւա­բար այդ պատ­ճա­ռով Իտալ­իոյ մէջ ինք­նա­շար­ժի եւ կօ­շի­կի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­հա­ւա­սար կ՛ըն­թա­նան:

= Հար­կադ­րա­բար այս կա­ցու­թիւնը ազ­դած է կեն­սո­լոր­տին վրայ եւ բե­ւե­ռա­յին ար­ջեր հետզ­հե­տէ դէ­պի աւե­լի հիւ­սիս կը գաղ­թեն:

… Լռու­թիւն ամե­նե­ցուն:

Մի­լոշ Ֆոր­մա­նի «One flew over the cuckoo’s nest»էն կարճ արար մըն էր, որ կը կրկնուէր: Պե­տիկ հա­սած էր իր նպա­տա­կին: Զինք խան­գա­րո­ղը գլխի­կոր հե­ռա­ցած ու թռիչք առած էր այդ բոյ­նէն` մեր խու­ցէն, եւ Պե­տիկ, նոյն­քան եռան­դով ու նուի­րու­մով, պատ­րաստ էր շա­րու­նա­կե­լու oրուան սրբագ­րու­թիւն­նե­րը, որ բազ­միցս կա­տա­կով «սրբագ­րու­թեան աւար­տա­ճառ»ը կ՛ան­ուա­նէ­ինք:

Կէս գի­շե­րէն ետք կամ յա­ջորդ օր­ուան ժա­մե­րուն… այ­սինքն ժա­մը 01:00 – 01:30-ին, երբ աւար­տած կ՛ըլ­լա­յին օր­ուան մը լու­րե­րը` յա­ջորդ օր ներ­կա­յաց­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնը, այդ մեր խու­ցին հա­մայ­նա­պատ­կե­րը բո­լո­րո­վին կը փոխ­ուէր:

Կը կա­տա­րէ­ինք զրոյց եւ երաժշ­տա­կան զա­նա­զան երանգ­նե­րու ունկնդ­րու­թիւն:

Ներ­կայ էին` Կո­մի­տա­սը, Սպենդ­ի­ար­եանն ու Պա­խը, նա­եւ Պե­տի­կին նա­խա­սի­րած այդ օրե­րու ար­դի երաժշ­տու­թեան աշ­խար­հէն ներս հռչակ սփռած Շըր­լի Պե­սին եւ Ռո­պեր­թա Ֆլա­քը: Դժուար եղաւ Պա­րոն Պետ­րո­սին ճազ երաժշ­տու­թիւն «մտիկ ընել տալ»: Ժա մա­նակ առաւ որ, ան հա­մոզ­ուի, թէ փո­ղա­հար Եու­սեֆ Լա­թիֆ կամ դաշ­նա­կա­հար Ահ­մատ Ժա­մալ… տե­ղա­ցի` մի­ջի­նա­րե­ւել­եան եր գիչ­ներ չէ­ին, այլ  ճա­զի բնա­գա­ւա­ռէն ներս` աստ­ղեր: Իսկ թեր­թը փակ­ուե­լէն ետք Պե­տի­կին հա­մար Հիւ­սի­սա­յին կամ Հա­րա­ւա­յին Քո րէա գո­յու­թիւն չէր ու­նե­նար, այլ միայն մէկ եւ վիթ­խա­րի դաշ­նա­կա­հար Չիք Քո­րէա: Ամէ­նէն աւե­լի զար­ման­քով եւ ակ­նա­ծան­քով ան կ՛ունկնդ­րէր  Տիւք Էլինկ­թը­նի «Մաունթ Հա­րի­սա»ն (հան­րա­ծա­նօթ սրբա­վայ­րին նուիր­ուած գործ մը` վաթ­սու­նա­կան­նե­րու սկիզ­բը, իր կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ներշնչ­ուած):

Երանգն ու կշռոյ­թը տար­բեր գու­նա­ւո­րում կը ստա­նա­յին… Սա­գոն բե­րած էր «Տիփ Փըր­փըլ»ի մէկ ձայ­նե­րի­զը` մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­ման­ուա­գա­յին նուա­գա­խում­բի մը, իսկ Ար­սէ­նը  կը փա­փա­քէր, որ ըմ­բոշխ­նենք իր նա­խա­սի­րած Լե­նըրտ Քո­հե­նը… Ճո­նին ալ` Մար­սել Խա­լի­ֆէի մէկ յե­ղա­փո­խա­կան ձայ­նե­րի­զը:

Ամ­բող­ջա­կան պի­տի չըլ­լար առանց յու­նա­կան երան­գի մը ներ­մու­ծու­մին… մա­նա­ւանդ որ մեր առ­ջեւ կանգ­նած ու­նէ­ինք այդ գե­ղե­ցիկ Աք­րո­փո­լի­սի նկա­րը: Բնա­կա­նա­բար Թէ­ո­տո­րա­քի­սէն ալ գոր­ծեր կ՛ըմ­բոշխ­նէ­ինք: Թէ­եւ այս «Իլ­ի­ա­կան – Ոդի­սա­կան»ի լեզ­ուէն բան չէ­ինք հասկ­նար, բայց նկարն ու կշռոյ­թը ան­հասկ­նա­լին շու­տով «հասկ­նա­լի»ի կը վե­րա­ծէ­ին:

… Եւ ահա­ւա­սիկ ման­կա­պա­տա­նե­կան բնա­գա­ւա­ռէ բո­լո­րո­վին հե­ռու, «կու­կու­լի­կու» մը: «Ազ­դակ»ի մօ­տա­կայ­քը բնա­կու­թիւն հաս տա­տած ապ­րող եւ բնա­կան ու հա­րա­զատ «ժա­մա­ցոյց» աք­լորն էր, որ կը տե­ղե­կաց­նէր թէ… այս կամ այդ օր­ուան ժա­մը 03:00-ն էր: Ժա­մա­նակն էր մեր զրոյցն ու ունկնդ­րու­թիւնը աւար­տե­լու կամ ընդ­հա­տե­լու: Այս ժա­մե­րուն բազ­միցս մե­զի կը մի­ա­նար տպագ­րու թեան պա­տաս­խա­նա­տու, հա­յա­գէտ կամ աւե­լի ճիշ­դը` «տե­գա­յահ» Մու­նի­րը: Կար­դա­ցո­ղին կամ ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար անյս­տակ է այդ «տէ­գա­յահ»ը: Ո՛չ մէկ հարց: Պար­զա­պէս` հա­կա­ռա­կէն գրուած հա­յա­գէտ: Ար­դա­րեւ, տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ Մու­նիր մաս նա­գի­տա­ցած էր իր ար­հես­տին պատ­ճա­ռով հա­յե­րէ­նը կար­դալ հա­կա­ռակ գրու­թեամբ: Կա­տա­կով մը կը տե­ղե­կաց­նէ­ինք, թէ ան եթով պե­րէ­նի եւ վրա­ցե­րէ­նի մաս­նա­գէտ է, իսկ քայլ մը աւե­լի ան­դին եր­թա­լով հարց կու տա­յինք, թէ իրեն հա­մար աւե­լի դիւ­րին էր ինք­նա շար­ժը դէ­պի ետեւ քշե՞լը, այ­սինքն` «en arrière» ուղղ­ուի՞լը:

Մինչ այդ, նախ­քան հրա­ժեշտ առ­նե­լը, քա­նի մը տե­ղե­կու­թիւն` այս աք­լո­րին մա­սին: Պե­տիկ, որ այն­քան դիւ­րու­թեամբ կրցած էր ծած­կա­նուն­ներ շնոր­հել իր ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րի ան­ձե­րուն ու առար­կա­նե­րուն, այս աք­լո­րին գծով երկմ­տան­քի մէջ էր: «Լոն­ժին», «Պրայթ­լինկ», «Սէյ­քօ»… կամ պար­զա­պէս` զուի­ցեր­ի­ա­ցի՞… արդ­եօք ճա­փոն­ցի՞: Մէկ բան յստակ էր, թէ անի­կա կը յար­գէր իր ժա մադ­րու­թիւնն ու ժա­մա­գոր­ծու­թիւնը:

*
*  *

Կարճ պի­տի անդ­րա­դառ­նամ լու­սան­կա­րիչ Ճորճ Սե­մերճ­եա­նին, որ հա­կա­ռակ «Ազ­դակ»ի անձ­նա­կազ­մի ան­դամ չըլ­լա­լուն` հե­տե­ւո ղա­կան այ­ցե­լու մըն էր, իսկ իրեն հետ բե­րած եւ ձրի­ա­բար տրա­մադ­րած ան­մո­ռա­նա­լի լու­սան­կար­նե­րը պար­զա­պէս ար­հես­տա­վար ժու­թիւն կ՛ար­տա­ցո­լաց­նէ­ին: Ան­վախ, պարզ ու հա­մեստ, այս Ճորճ տի­պա­րը ու­նէր իւ­րա­յա­տուկ մտայ­ղա­ցում եւ ձիրք: Ցայ­սօր մտքիս մէջ տպուած կը մնայ այդ մէկ նկա­րը առն­ուած, հրէ­ա­կան ռմբա­կո­ծում­նե­րու պատ­ճա­ռով, փակ­ուած Պէյ­րու­թի օդա­կա­յա­նի մեկ­նու­մի սրա­հէն… ուր մուտք գոր­ծած են ձի­եր եւ ան­տէր ու ան­տի­րա­կան… անոնք ստեղ­ծած են իւ­րա­յա­տուկ իրա­վի­ճակ մը: Այս հրե­ղէն ձի­ե­րը ժա­մա­նած էին մօ­տա­կայ ձի­ար­շա­ւա­րա­նէն, որ իր կար­գին են­թարկ­ուած էր կոյր ռմբա­կոծ­ման:

Այլ լու­սան­կա­րով մը Ճորճ կը ներ­կա­յաց­նէր մայր մը, որ շալ­կած իր զա­ւա­կը` կը փոր­ձէր պատս­պա­րան մը ուղղ­ուիլ… իր ետին մի­եւ նոյն «սե­նարիօ»ն կը կրկնուէր, յան­ձին ֆրան­սա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը որ­մազ­դին, որ այդ օրե­րուն կը ցու­ցադր­ուէր Համ­րա­յի սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Հա­ւա­նա­բար Պե­տիկ Հեր­կել­եան, եթէ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նար Ճոր­ճին, զայն պի­տի կնքէր «հա­մես­տու­թեան ամ­բող­ջա­կան, լրիւ եւ լա­թա կազմ հա­ւա­քա­ծոյ մը» ծած­կա­նու­նով: Ճորճ սպանն­ուե­ցաւ իր մօ­տէն լու­սան­կա­րած լի­բա­նան­եան պա­տե­րազ­մի վեր­ջին ռաուն­տին… Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մայ­րա­վան­քի մուտ­քին: Ան կը փոր­ձէր զար­հու­րե­լի դէպք մը պատ­կե­րաց­նել իր իւ­րա­յա­տուկ ոսպն­եա­կի ետին, մինչ­դեռ չէր գի­տեր, թէ այլ ան­խիղճ մը որո­շած էր զինք «քան­նա­սա­հար»նե­րու շար­քին մի­աց­նել:

*
*  *

Որո­շում տրուած էր, որ թեք­նիք պատ­ճառ­նե­րով եւ թեր­թին տպագ­րու­թիւնը աւե­լի դիւ­րաց­նե­լու հա­մար արե­ւել­եան շրջան` Պուրճ Հա­մուտ փո­խադր­ուինք: Մա­թիլ­տին հա­մար ասի­կա գոյժ մըն էր… ապ­րող մահ: Այդ օրե­րուն էր, որ ան զօ­րա­ւոր հար­ուած­ներ ուղ­ղե լով իր ամե­նա­մօ­տիկ ըն­կե­րոջ` դաշ­նա­կին, մեծ յու­զու­մով եւ հա­մե­մա­տա­բար աւե­լի բարձր ձայ­նով կ՛եր­գէր (կամ աւե­լի ճիշ­դը` կու լար) մերթ ֆրան­սե­րէ­նով, մերթ անգ­լե­րէ­նով… Պրե­լի «Ne me quitte pas» կամ «If you go away»ը:

Ուաթ­ուա­թէն առա­ջին հե­ռա­ցո­ղը ո՞վ եղաւ, մե՞նք` «Ազ­դակ»ի անձ­նա­կա՞զմը, թէ՞ «տի­վա»ն` Մա­թիլ­տը: Դժբախ­տա­բար ինքն ալ մի­ա­ցաւ ան­դե­նա­կա­նին… քա­նի մը տա­րի առաջ, Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ:

Յի­շո­ղու­թիւնս սկսած է ին­ծի դա­ւա­ճա­նել:

Այդ իսկ պատ­ճա­ռով նա­խընտ­րե­ցի ժա­մա­ցոյ­ցը բա­ւա­կան առ­ջեւ տա­նիլ եւ անդ­րա­դառ­նալ  Ուաթ­ուա­թի «չղջի­կա­յին» մեր` «Է՜ր եր բեմն» կեան­քին մա­սին:

Պոս­թըն – Մա­սա­չու­սեց

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԾՆՈՒՆԴԸ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐՈՎ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ` «ԽՈՐՎԻՐԱՊԵԱՆ» ՏՊԱՐԱՆԻՆ ԵՒ «ԶՕՐԱՆՈՑ»-ԻՆ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.