Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներկայիս Նոյնիսկ Յայտնի Չէ, Թէ Ո՛ր Պետութենէն Պիտի Ըլլայ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը» Կ՛ըսէ Կլազ

November 6, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անաթոլի Կլազ` խօսելով «Քոմերսանթ» օրաթերթի այն հրապարակման մասին, թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաւել հաւանական թեկնածուն Պիելոռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի պետական քարտուղար Սթանիսլաւ Զասն է, «Թերթ»-ին յայտնած է, որ մենք չունինք այդպիսի տեղեկութիւն»:

Նշենք, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը թափուր մնացած է Եուրի Խաչատուրովի ազատ կացուցման դիմումէն ետք: Հայաստանի ներկայացուցիչը տուեալ պաշտօնին մէջ, ըստ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան, պէտք է պաշտօնավարէր երեք տարի, մինչդեռ Եուրի Խաչատուրով աշխատած է 1,5 տարի:

«Մենք ալ կարդացած ենք «Քոմերսանթ»-ը: Այդպիսի տեղեկութիւն չունինք: Դիմեցէ՛ք յօդուածի հեղինակներուն», ըսաւ Կլազ:

Ըստ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարին, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի 8 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի ընթացքին:

«Ներկայիս, ըստ էութեան, յայտնի չէ նոյնիսկ, թէ ո՛ր պետութենէն պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, ուր մնաց` յստակ ըլլայ, թէ ո՛վ է թեկնածուն: Դիմեցէ՛ք յօդուածի հեղինակներուն: Կը կրկնեմ` յայտնի չէ, թէ ո՛ր պետութիւնը պիտի ըլլայ: Հարցը 8 նոյեմբերին պիտի քննարկուի», նշեց Անաթոլի Կլազ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ արդեօք կը քննարկուի՞ Զասի թեկնածութիւնը, ըսած է. «ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի հարցը կը գտնուի խորհրդակցութիւններու փուլին մէջ: Այս քննարկումները որոշակի գաղտնիութեան բնոյթ ունին եւ չեն ընթանար հրապարակային դաշտին մէջ: Յարգելով այդ սկզբունքը` յաւելեալ տեղեկութիւն չենք կրնար տրամադրել` չվնասելու համար այդ քննարկումներուն»:

Հայաստան Պիտի Առաջադրէ Վաղարշակ Յարութիւնեանի Թեկնածութիւնը

Աւելի ուշ իրազեկ աղբիւր մը «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին համար պիտի առաջադրէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը:

«Այս հարցին շուրջ քաղաքական որոշումը արդէն տրուած է` հաշուի առնելով, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի ղեկավարութիւնը պէտք է ստանձնէ մինչեւ 2020 թուական», նշած է աղբիւրը:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Արցախը Բանակցող Կողմ Դարձնելու Որոշումը Պէտք Է Գայ Հակամարտող Երկիրներէն»

Յաջորդը

«Ամերիկեան Պատժամիջոցները Վճռական Հարուած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Իրանի Գործունէութեան» Կ՛ըսէ Լիպըրման

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.