Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, շաբաթ, 3 նոյեմբերին ստորագրած է Ազգային ժողովի ընդունած շարք մը օրէնքներ: Ան ստորագրած է Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները: