ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ճասթին Թրիւտօ. «Հայերը Իւրայատուկ Ժողովուրդ Են.
Ուր Ալ Ըլլան Կը Պահպանեն Ազգային Ինքնութիւնը»
«Ապրիլ միասին» կարգախօսին ներքեւ, Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովը կայացաւ 11-12 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ: Հոն արտասանուած պաշտօնական խօսքերուն ու տարուած արդիւնաբեր աշխատանքներուն առընթեր, հարկ է լուսարձակի տակ առնել միջազգային հանրայայտ ղեկավարներու գօտեպնդիչ յայտարարութիւններն ու խօսքերը` ուղղուած Հայաստանին առհասարակ եւ հայ ժողովուրդին մասնաւորաբար, որոնք օրին զանազան կայքէջերու եւ թերթերու մէջ լայն արձագանգ գտան:
Առաջին հերթին պէտք է ընդգծել, որ այսպիսի տարողութեամբ եւ միջազգային յայտնի ղեկավարներու (84 երկիրներու պատուիրակութիւններ եւ 38 ղեկավարներ) մասնակցութեամբ կայացած այս վեհաժողովը իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր: Հոս հարկ է նշել նաեւ, որ այս ղեկավարներուն առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան: Հայրենի ղեկավարներուն հիւրընկալութիւնն ու յարգանքը եւ կազմակերպուածութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեցին անոնց վրայ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյին եւ Պելճիքայի վարչապետին այցելութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կ՛ապացուցեն այն խոր յարգանքն ու սէրը` ուղղուած հայ ժողովուրդին:
Սակայն ո՞վ է այն ազնիւ հայորդին(երը), որ տպաւորած է Ֆրանսայի նախագահն ու Քանատայի վարչապետը եւ զիրենք մղած յարգելու հայ ժողովուրդը:
Այս հարցումին յստակ պատասխան տալու համար հարկ է անդրադառնալ իւրաքանչիւր ղեկավարի կեանքի յատկանշական դէպքերուն:
Էմմանուէլ Մաքրոն. «Հայերը, Ո՛ւր Ալ Եղած Են, Միշտ Փորձած Են Աջակցիլ Ու Ձեռք Երկարել Օգնութեան Կարիք Ունեցողներուն»
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն դպրոցական շրջանին տարբեր ազգերու պատկանող բազմաթիւ ընկերներ ունեցած է: Բայց իր ճակատագրական դերը ունեցած է ազգութեամբ հայ ընկերոջ արարքը…
Մաքրոն ունեցած է հայ դասընկեր մը` համեստ նկարագիրով, որ շատ նկատի չէր առնուեր իր դասընկերներուն կողմէ, ու անոր հետ մտերմութիւն չունէր ինք:
Երբ օր մը Մաքրոն վէճի բռնուած էր բարձր դասարանի 5-6 աշակերտներու հետ (իրմէ 3-4 տարի մեծ), այդ պահուն կը մտածէր` ինչպէ՛ս կրնայ անոնցմէ ձերբազատիլ ու փախչիլ: Ան շարունակ կ՛աղօթէր, որ Աստուած օգնէր իրեն, որովհետեւ գիտէր լաւ վերջ պիտի չունենայ: Երբ այդ աշակերտները կը սկսին Մաքրոնի հագուստները քաշել, յանկարծ կը մօտենայ իր դասընկերը` Յարութը: Յարձակող խումբը` Յարութին տեսնելով ետ կը քաշուի եւ կը սկսի բարեւել անոր: Ապա Յարութը կ՛ըսէ, թէ Էմմանուէլը իր դասընկերն է, եւ, ձեռքը անոր վիզին դնելով, կը հեռացնէ Մաքրոնը այդտեղէն: Այդ օրուընէ Յարութը կը դառնայ Մաքրոնի ամենամտերիմ ընկերներէն մէկը:
Ճասթին Թրիւտօ. «Երբ Փոքր Էի, Հայրս Դէպք Մը Պատմեց Հայաստանի Մասին, Եւ Աչքերս Լեցուեցան»
Հետաքրքրական է անդրադառնալ նաեւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի կեանքին մէջ պատահած այն յատկանշական պատմութեան, որ խոր ազդեցութիւն ձգած է անոր վրայ: Ան հազիւ 14 -15 տարեկան պատանի էր եւ օր մը երեկոյեան, ընթրիքէն ետք իր հօրը հետ հեռատեսիլէն կը դիտէր Շարլ Ազնաւուրի մասին հաղորդում մը: Աւարտին հնչեց Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկը, յանկարծ նկատեց, որ իր հայրը կ՛արտասուէ: Երբ հարց տուած եւ ուզած էր գիտնալ հօրը լալուն դրդապատճառը, ան յայտնած է, որ փոքրիկ երկրի փոքրիկ երգիչը, որ ամբողջ աշխարհը գրաւեց, ֆրանսացի էր, սակայն ազգութեամբ հայ: Հայերը հին ժողովուրդ են, բազում արհաւիրքներ ու փորձութիւններ տեսած: Մեծ եղեռնէն ետք, երբ Ամերիկան եւ Եւրոպան գրկաբաց ընդունեցին կոտորածէն փրկուած մարդոց, մեր կառավարութիւնը չառաւ այդ քայլը, միայն ընդունեց սակաւաթիւ հայեր, ինչին համար կ՛ափսոսամ եւ կ՛ամչնամ: Այդ ժամանակ Թրիւտօ բան չհասկցաւ, սակայն երբ մեծցաւ եւ խորունկ կերպով ծանօթացաւ Ազնաւուրի արուեստին ու հայ ժողովուրդի պատմութեան, անոր անցած ուղիին, այն ատեն գիտցաւ իր հօրը յուզումը եւ ինչպէս կարելի է ամչնալ չըրած արարքիդ համար: Ահա Ազնաւուր գլխագիր հայուն թողած տպաւորութիւնը եւ աւանդը օտար երկրի ղեկավարի մը ենթագիտակիցին մէջ: Ազնաւուր իր մեծ վաստակով, արուեստով, հայրենասիրութեամբ անուրանալի դրոշմ ձգած է Քանատայի վարչապետին մօտ:
Ֆրանսայի Նախագահին Կարեւոր Յայտարարութիւնը «Ազնաւուր» Կեդրոնին Մէջ
Եւ Ցեղասպանութեան Թանգարանի Յուշամատեանին Մէջ Գրառումը`
Ի Նպաստ Հայաստանի Եւ Հայութեան
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն «Շարլ Ազնաւուր» կեդրոն այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Ֆրանսան կը շարունակէ միջազգային հանրութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար Շարլ Ազնաւուրի մղած պայքարը: Ան իր խոր յուզումը յայտնեց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան առիթով, յատկապէս շեշտելով, որ յիշել ցեղասպանութիւնները եւ դատապարտել անոնց ժխտողականութիւնը կը նշանակէ պայմաններ ստեղծել անոնց կրկնութենէն խուսափելու համար: Նախագահը յանդուգն արտայայտութեամբ յայտարարեց, որ իր խոստումը պիտի կատարուի եւ 24 ապրիլը Ֆրանսայի մէջ պիտի նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Մաքրոն իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց այդ օրերուն մահացած Շարլ Ազնաւուրին, որուն երազն էր նախագահին հետ հանդիպում ունենալ այդ կեդրոնին մէջ: Մաքրոնին իսկ վկայութեամբ, Ազնաւուրի պայքարը չձախողեցաւ եւ իր գործունէութեան իբրեւ արդիւնք այսօր երեխաներ դպրոց կ՛երթան, ընտանիքներ ելեկտրականութիւն ունեցան եւ ենթակառուցուածքներ վերականգնեցան: Հայաստան ոտքի կանգնեցաւ եւ ուժեղ մնաց շնորհիւ իրեն:
Ինչ ուրախալի երեւոյթ է, որ այս «Ազնաւուր» կեդրոնը պիտի դառնայ արուեստի կեդրոն մը, եւ հոն զարկ պիտի տրուի ֆրանսերէնի նոր մեթոտով ուսուցման` հիմնուած Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններու բնագիրներուն վրայ, նաեւ հանդէս պիտի գայ իբրեւ կրթական, մշակութային փոխանակումներու, քննարկումներու եւ ուսանելու վայր: Այս կեդրոնին գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու միտումով, առանձին կը ներկայացնենք Շարլ Ազնաւուրի որդիին` Նիքոլա Ազնաւուրին հարցազրոյցը ֆրանսական «Լը ժուրնալ տիւ տիմանշ» շաբաթաթերթին հետ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ Ֆրանսայի նախագահը հետեւեալ գրառումով անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը եւ յուզումը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին. «Ֆրանսայի անունով ես յարգանքի տուրք կը մատուցեմ բոլոր անոնց, որոնք ինկան «արեւն առած իրենց աչքերուն մէջ», անոնք, ովքեր «միայն ապրիլ կ՛ուզէին»: Ֆրանսան քողազերծած է Ցեղասպանութիւնը դեռ 1915 թուականին մտաւորականներու կողմէ: Եւ ան ընդունած է երեխաներ եւ ընտանիքներ, որոնք ճողոպրած են Ցեղասպանութենէն եւ անոնք մեր ազգը աւելի պանծացուցին: Ֆրանսան երբեք պիտի չմոռնայ եւ պիտի պայքարի ճշմարտութեան ու ճանաչման համար: Այս տխուր խոնարհումը անոնց համար, որոնք ինկան: Մեր եւ գալիք սերունդներուն համար»:
Տպաւորութիւններ` Հայաստան Այցելութեան Առիթով
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն իր ուրախութիւնը յայտնեց Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի յաջող կայացման եւ Հայաստան գտնուելուն առիթով: Ան առանձնայատուկ կարեւորութիւն ընծայեց այս մեծ իրադարձութեան, որ Հայաստանի ի նպաստ է: Ան իր քաղաքական ուղեգիծին մասին հետեւեալը արտայայտեց. «Պէտք չէ մեկնաբանութիւն ընել իմ տպաւորութիւններուս մասին: Պէտք է գործել, աշխատիլ, տեսլական ունենալ եւ գործել համաձայն այդ տեսլականին»:
Իր կարգին Ֆրանսայի առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոն իր անկեղծ տպաւորութեան մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ իրենք շատ լաւ կը զգան եւ չեն ուզեր հեռանալ Հայաստանէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին` արտակարգ ընդունելութեան համար:
Քանատայի վարչապետը Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին, նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպելէ ետք Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին, բարձր գնահատած է իր երկրին մէջ հայկական ծագում ունեցող 60 հազար քաղաքացիներու ներդրումը Քանատայի յաջողութեան մէջ: Քանատայի վարչապետը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Քանատան կը կարենան միասին աւելի ամուր ապագայ կառուցել` յայտնելով, որ հայերը իւրայատուկ ժողովուրդ են եւ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուին, կը պահեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը: Քանատայի վարչապետին ուրախ տրամադրութիւնը Երեւան գտնուելուն առիթով, դրական արտայայտութիւնները Քանատա հաստատուած հայորդիներու նկատմամբ, Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը լաւագոյնս կը բնորոշեն գալիք օրերուն մշակուելիք ծրագիրներուն եւ հեռանկարներուն արդիւնաւէտութիւնը` Հայաստանին ի նպաստ:









