Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆ (Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով)

December 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները տարուէ տարի աւելիով կը հրապարակայնացնեն կուսակցութեան գործունէութիւնը, աւելիով հաշուետուութեան շեշտադրումներով կը ներկայացնեն կուսակցութեան խօսքը եւ աւելիով ժողովուրդին կը բանան հետագայ աշխատանքներուն հիմնական նախանիշերը: Դաշնակցութեան օրուան նշումները վաղուց արդէն ինքնագովերգանքի առիթներ դադրած են ըլլալէ եւ վերածուած հարցերը ուղղակի արծարծելու, բացթողումները մատնացոյց ընելու, եղելոյթներուն առարկայական գնահատական տալու եւ մանաւանդ ժողովուրդի վստահութեամբ զինուած գալիքի ծրագրումները զանգուածներուն հետ բաժնելու պահերու:

Այս առումով ալ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի տօնակատարել Դաշնակցութեան օրը` ներկայանալու համար ծով գործունէութեան եւ աշխատանքի ստուար թղթածրարի հիմնական կէտերով: Բացատրելու քաղաքական այն ուղեգիծը, որ Դաշնակցութիւնը կը կիրարկէ ըլլա՛յ համահայկական խնդիրներուն, ըլլա՛յ հայաստանեան եւ ըլլա՛յ լիբանանեան հարթութիւններու վրայ` միշտ ու միշտ գերադասելով համայն հայութեան գերագոյն շահերը եւ հայրենիքին ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նման պահերու չեն վարանիր մատնացոյց ընելու այն դժուարութիւնները, որոնց հանդիպեցաւ կուսակցական հաւաքական աշխատելաոճը, այն մարտահրաւէրները, որոնց ընդառաջ գնաց յառաջատար կուսակցութիւնը եւ այն բացթողումները, որոնք արձանագրուեցան ազգային, քաղաքական, մշակութային ուղեգիծերու իրականացման ճամբուն վրայ:

Ծրագրաւորումներու եւ բազմաշերտ գործունէութեան առաւելագոյն հրապարակայնացումն է փաստօրէն, որ վարկ, հեղինակութիւն եւ մանաւանդ հաւաստիութիւն կ՛ապահովէ կուսակցութեան: Անցնող ուղիին առարկայական գնահատականը, ինքնաքննադատական բաժինը, յաջողութիւնները ժողովուրդին հետ կիսելու հետեւողական մօտեցումները եւ ազգային գաղափարախօսական հիմքի վրայ յառաջիկայի ուղենիշերը յայտարարելու կուսակցութեան աշխատելաոճը կ՛ամփոփուի Դաշնակցութեան օրուան ընթացքին: Ժողովուրդի բաւարարուածութիւնը փաստօրէն աշխատանքային ոճի այս հրապարակայնացումով կը բացատրուի ու կը մեկնաբանուի:

Յստակատեսութիւնը, որ կ՛իշխէ Դաշնակցութեան օրուան խօսքերուն մէջ, անկեղծանալու տիրապետող մթնոլորտը, որ կը պարուրէ համակիր զանգուածները, առողջ մեկնակէտ է ոչ միայն անցեալը քննարկելու, այլ նաեւ ապագան նախանշելու: Եւ որքան յստակ ըլլան հայ-թուրք յարաբերութիւններուն նկատմամբ Դաշնակցութեան հայեցակարգային մօտեցումները, որքան մատչելի կերպով բանաձեւուած ըլլան արցախեան բանակցութիւններուն նկատմամբ մեր ունեցած դիրքորոշումները, որքան համոզիչ դառնան համահայկական հասարակութեան ձեւաւորման համար մեր տարած աշխատանքները, որքան հիմնաւորուին Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ճիշդ ու ամուր հիմեր կառուցելու մեր սկզբունքները, այնքան կը բարձրանայ Դաշնակցութեան վայելած վարկին եւ հեղինակութեան աստիճանաչափը:

Տակաւին. որքան յայտարարուի Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ռազմավարական դաշինքի կնքման անհրաժեշտութիւնը, որքան բացատրուի հայ քաղաքացիին ազատ քուէի ուժի հանգամանքը, որքան զգալի դառնայ հայրենիքի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու անյետաձգելիութիւնը, որքան պարզ դառնայ առանց զիջելու զարգանալու հնարաւորութիւնը եւ որքան շեշտուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ  հատուցման հանգրուանին նախապատրաստուելու ռազմավարութեան մշակումը, այնքան համոզիչ կը դառնայ Դաշնակցութեան առանցքային ու անշրջանցելի դերակատարութիւնը հայկական իրականութեան մէջ:

Եւ տակաւին. որքան հասկնալի դառնայ հայրենակեդրոն սփիւռքի մտածողութեան ձեւաւորման աշխատանքներուն նպատակը, եւ այդ ծիրին մէջ լուսաբանուին իւրաքանչիւր համայնքի, գաղութի կամ շրջանի վարած ազգային-քաղաքական ուղեգիծերու շարժառիթներն ու հիմնադրոյթները, այնքան աւելի կ՛ամրապնդուի ժողովրդային հաւատքը` Դաշնակցութեան նկատմամբ:

Ազգային ա՛յս արժեհամակարգին վրայ յենած է, որ Դաշնակցութիւնը ամէնուրեք կը տօնակատարէ իր ՕՐԸ, հայութեա՛ն եւ Հայաստանի՛ն ՕՐԸ:

Նախորդը

ՔՆԵՍԵԹ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ 20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԷՆ ԵՏՔ

Յաջորդը

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԻՒՆ (Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։