Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կը Զգուշացնէ Դանիան «Շտապողական» Քայլերէ

November 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրանի մէջ Դանիոյ դեսպանը հրաւիրուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր «խիստ բողոք» ներկայացուցած են: Նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի յայտարարած է, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին դեսպանը նախազգուշացուած է իր երկրին կողմէ շտապողական եւ հակասական քայլերէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպումէն ետք Դանիոյ դեսպանը տուն կանչուած է եւ լքած երկիրը:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ներկայացուցիչը յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի Իրանի եւ Դանիոյ դիւանագիտական տագնապին, որ առնչուած է այն ենթադրեալ յարձակումին, որ Դանիոյ տարածքին փորձած է կազմակերպել իրանեան գաղտնի սպասարկութիւնը:

«Մենք ուշադիր կը հետեւինք իրադարձութիւններուն եւ կապի մէջ ենք Դանիոյ իշխանութիւններուն հետ` յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար», ըսաւ ան:

30 հոկտեմբերին Դանիոյ անվտանգութեան ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, թէ այն կասկածը ունի, որ Իրանեան հետախուզութիւնը Իսլամական հանրապետութեան մէջ գործող «Ահուազի ազատագրման համար պայքարի արաբական շարժում» անջատողական խմբաւորման ղեկավարին դէմ յարձակում կազմակերպած է:

21 հոկտեմբերին այդ հարցով Շուէտի Կէօթպորկ քաղաքին մէջ բերման ենթարկուած է Նորվեկիոյ ծագումով իրանցի քաղաքացի մը: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուլեսեն հանդիպման կանչած է Քոփենհակընի մէջ Իրանի դեսպան Մորթեզ Մորատեանը եւ բացատրութիւն պահանջած թագաւորութեան տարածքին մէջ իրանեան հետախուզութեան անօրինական գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկութեան շուրջ:

Աւելի ուշ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած էր խմբաւորման ղեկավարին դէմ յարձակում նախապատրաստելու վերաբերեալ Դանիոյ անվտանգութեան ոստիկանութեան մեղադրանքը: Բացի ատկէ, Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, թէ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհրդակցութիւններու համար տուն կը կանչէ Իրանի մէջ իր դեսպանը: Քոփենհակըն նաեւ կ՛ուզէ, որ Եւրոպական Միութիւնը նոր պատժամիջոցներ հաստատէ Թեհրանի դէմ:

 

Նախորդը

Պոլթըն. «Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Չեն Վնասել Այն Դաշնակիցներուն, Որոնք Կախեալ Են Իրանեան Քարիւղէն»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարը Թուրքիոյ Ընդհանուր Դատախազի Սէուտական Արաբիա Այցելութիւնը Կը Նկատէ Անհաւանական

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.