Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլ յայտնեց. «Ոչ ոք կրնայ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով պատասխանատուութենէն փախուստ տալ, որովհետեւ հարցը վերածուած է միջազգային հարցի եւ կարելի չէ զայն ծածկել»:
Կիւլ սէուտական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «կարելի եղածին չափ շուտ պատասխանելու հարցումներուն, զորս շարունակ անոնց կ՛ուղղենք, եւ որոնք կը վերաբերին Խաշոկճիի սպանութեան հարցին»:
«Սէուտական Արաբիան պէտք է մեզի հետ գործակցի Խաշոկճիի ահաբեկման հարցով ամբաստանեալները Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն յանձնելու համար», ըսաւ ան:
«Թրքական դատախազութիւնը Սէուտական Արաբիոյ ընդհանուր դատախազէն պատասխաններ չստացաւ, հակառակ անոր Խաշոկճիի սպանութեան շուրջ գրաւոր հարցումներու յանձնման», նշեց Կիւլ:
Ինչ կը վերաբերի Պոլսոյ ընդհանուր դատախազի Սէուտական Արաբիա այցելութեան հաւանականութեան, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը ըսաւ. «Ատիկա ձգուած է դատախազութեան, սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա կարելի պիտի չըլլայ, որովհետեւ ոճիրին վայրը Թուրքիոյ մէջ է, եւ կը կարծեմ, որ ճիշդ պիտի չըլլայ Թուրքիոյ հարցումներուն պատասխանելէ առաջ այլ փուլ անցում կատարել»: