«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Տոլմապահճէ պալատին մէջ 29 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը, որմէ ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ակնարկելով նաեւ Արցախի տագնապին, ըսած է. «Թուրքիա բոլոր հարթակներուն վրայ պիտի շարունակէ պաշտպանել Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ, որպէսզի այդ երկու երկիրներուն հարցերը լուծուին խաղաղ միջոցներով, միջազգային իրաւունքին համապատասխան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի շրջագիծին մէջ»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը իր տեսակին մէջ 7-րդն էր եւ անոր ընթացքին քննուեցան տնտեսական համագործակցութեան եւ շրջանի ապահովութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցեր:
Չաւուշօղլու Պոլսոյ մէջ նաեւ անջատ հանդիպում մը ունեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ, որմէ ետք նախարարները գովքը հիւսեցին երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններուն:
Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Կ՛աջակցի Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ին Հաւանական Անդամակցութեան»
Թուրքիան լիովին կ՛աջակցի Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի հաւանական անդամակցութեան: Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն` Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու 7-րդ եռակողմ հանդիպումի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:
«ՕԹԱՆ-ի անդամներէն ամէնէն շատը ճիշդ մենք կ՛աջակցինք Վրաստանի` դաշինքին անդամակցութեան», ըսած է Չաւուշօղլու` շեշտելով, որ Թուրքիան նաեւ պիտի շարունակէ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ սատարել «եղբայրական Ազրպէյճանին»:




