Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կը բխի տագնապի կողմերուն շահերէն: Այս մասին զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Տագնապի խաղաղ լուծումը այն է, որ կը բխի բոլոր մասնակիցներուն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ կողմերուն շահերէն: Մենք միշտ հաւատարիմ եղած ենք անոր, այդ եղած է հիմնական նպատակը», ըսած է ան` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի` Երեւանի եւ Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներ հանդէս կու գան տագնապի խաղաղ լուծման կարգաւորման օգտին:



