Երէկ` չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան երկու հանդիպումներ:
Տիտղոսակիր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կանոնաւոր այս ախոյեանութեան սկսաւ յաղթանակով, երբ 108-100 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օքլահոմա Սիթիին (24-19, 28-26, 32-21, 28-14):

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթեֆըն Քարի (32), մինչ Ուորիըրզ անոր խմբակից Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 27 կէտ: Իր կարգին, 27 կէտ նշանակեց Փոլ Ճորճ (Օքլահոմա):
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երկրորդ մրցումին, անիկա եւս աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին` Պոսթըն Սելթիքսի յաղթանակով: Սելթիքս 105-87 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին (21-21, 26-21, 30-24, 28-21):
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք 11 մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ
Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց


