15-էն 16 հոկտեմբերի լուսցող գիշերը ռուս սահմանապահները ձերբակալած են Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի կերպով խախտելու փորձ կատարող խումբ մը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Սահմանախախտները փորձած են գիշերը գաղտնի մտնել Արաքս գետ եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կտրած սահմանը: Սակայն Արտաշատի սահմանապահ ջոկատի զինուորները իրենց գործողութեան շնորհիւ կանխարգիլած են Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի կտրելու հերթական փորձը:
Նախնական տուեալներով` ձերբակալուածները ծագումով Հարաւային Ասիայէն են: Սահմանը ապօրինի կտրելու նպատակը պիտի յստակացնեն առնչակից մարմինները: Սահմանուած օրէնսդրական կարգին համաձայն, սահմանախախտները յանձնուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:
15 Հոկտեմբերին Թուրքիա-Հայաստան Սահմանը
Ապօրինի Կերպով Կտրած Անձը Ազգութեամբ Քիւրտ Է
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը նոր մանրամասնութիւններ հաղորդած է 15 հոկտեմբերին Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինի կերպով կտրած ու ձերբակալուած Թուրքիոյ քաղաքացիին վերաբերեալ:
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութենէն հաղորդեցին, որ նախնական տուեալներով` Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կտրած անձը քիւրտ է:
Կը նշուի, որ ան սահմանը կտրած է վերջերս գործած ծանր յանցագործութիւններուն համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններէն թաքնուելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ 15 հոկտեմբերին Գիւմրիի սահմանապահ ջոկատի սահմանապահները ձերբակալած էին Թուրքիա-Հայաստան սահմանը ապօրինաբար կտրած անձ մը:



