Իրանի մէջ 13 հոկտեմբերին նախատեսուած «Ղարաբաղը իսլամական տարածք է» խորագիրով հակահայկական համաժողովը տեղի չէ ունեցած, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի միացեալ ջանքերուն շնորհիւ, կը հաղորդէ «Ա1+»-ը:
Հայկական կողմը իր մտահոգութիւնները յայտնած է Թեհրանին, որմէ ետք ձեռնարկը չեղեալ նկատուած է:
Համաժողովին պիտի մասնակցէին շարք մը երկիրներէ, ներառեալ` Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Լիբանանի ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ` նպատակ ունենալով իսլամական աշխարհը համախմբել «Ղարաբաղի ազատագրման» գաղափարին շուրջ:



