Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Լիբանան եկան ջրային տարբեր տեսակի մարզաձեւերու 28 երկիրներու ֆետերասիոններու նախագահներն ու ներկայացուցիչները, որոնք այսօր` չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, յատուկ ժողով մը պիտի գումարեն Ժունիէի շրջանին մէջ գտնուող միջազգային փորձերու յատուկ ակադեմիային մէջ:
Այս առիթով Լիբանանի ջրային տարբեր տեսակի մարզաձեւերու ֆետերասիոնի նախագահ ծովակալ Էտմոն Շաղուրի յատուկ խօսք մը պիտի արտասանէ եւ պիտի բացատրէ, թէ ի՛նչ ձեւով կը գործէ այս ակադեմիան:
Յատուկ հրաւէրովը Շաղուրիի, նախորդ յուլիսին Լիբանան այցելեց ջրային տարբեր տեսակի մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ռաֆայելլօ Քիուլի:
Ինչ կը վերաբերի այդ 28 երկիրներուն, անոնք են.
Պելճիքա, Քանատա, Չինաստան, Խրուաթիա, Էսթոնիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա, Հունգարիա, Իրլանտա, Լաթվիա, Լիբանան, Մալթա, Լիթուանիա, Մոլտովա, Մոնթենեկրօ, Նորվեկիա, Լեհաստան, Փորթուգալ, Քաթար, Ռուսիա, Հարաւային Ափրիկէ, Սպանիա, Շուէտ, Զուիցերիա, Թուրքիա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Միացեալ Նահանգներ:



