Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցան տղոց 16 տարեկանէն վար Լիբանանի ազգային խումբին կազմութեան փորձերը` մասնակցութեամբ աւելի քան 150 մարզիկներու:
Նշենք, որ անոնցմէ միայն 12-ը մաս պիտի կազմեն Լիբանանի ազգային խումբին, որ նոյեմբերին պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի մրցումները:
Այդ փորձերուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, իսկ անոնց հսկեցին մարզիչներ Ժատ Հաժ եւ Զիատ Նաթուր:
Իր խօսքին մէջ Հալապի նշեց, որ ազգային խումբին շապիկը կրելը մեծ պատիւ կը նկատուի, հետեւաբար անոնք, որոնք կը միանան անոր, պէտք է տան իրենց առաւելագոյնը:



