Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Դադիկեան, ոսկիէ մետալի տիրացաւ 90 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ:
Դադիկեան իր պայքարին սկսաւ 1-16-րդ հանգրուանէն: Ան յաղթելէ ետք 2 ղազախ, 2 ռուս եւ 1 թուրք մրցակիցներուն, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Հայկական բանակին մէջ ծառայող Դաւիթ Դադիկեան իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ պարտադրեց, որ Հայաստանի քայլերգը հնչէ Թուրքիոյ մէջ:



