Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտը երէկ գիշեր ականատեսը եղաւ հաւաքականի ջախջախիչ յաղթանակին: Հայաստան անխնայ եղաւ իր հիւրին` Մակեդոնիոյ նկատմամբ, երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին մինչեւ վերջին երկվայրկեանները, հայրենի կազմը ցուցադրեց հրաշալի խաղ մը եւ այսպիսով յաջորդ հանգրուան հասնելու իր յոյսերը պահեց:
Ճիպրալթարի դէմ տեղի ունեցած նախորդ մրցումին բաղդատած, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց հիմնական կազմին մէջ կատարած էր հինգ փոփոխութիւն:
Մարքոս Փիցելլի, որ 12-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, 18-րդ վայրկեանին վնասուածք մը ստանալով չկրցաւ մրցումը շարունակել: Ան փոխարինուեցաւ Արտակ Գրիգորեանով:
Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, հայրենի կազմը, հզօրացուց իր յարձակողական խաղաոճը, առանց սակայն կոլ նշանակելու, մինչեւ 67-րդ վայրկեան, երբ Եուրա Մովսիսեան հաշիւը կրկնապատկեց: Գէորգ Ղազարեան նշանակեց երրորդ կոլը (81-րդ), մինչ կոլերու փակումը կատարեց Հենրիխ Մխիթարեան (90+4):
Մրցումէն ետք Հայաստանի հաւաքականին ֆութպոլիստները մօտեցան արեւելեան թրիպիւնին եւ իրենց մարզաշապիկները նուիրեցին ՖԱՖ-ի համակիրներուն: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ միւս թրիպիւններուն վրայ գտնուող հայրենասէր ֆութպոլասէրներուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան ապահովեց մրցաշարքի իր 6-րդ կէտը Դ. դասակարգի Դ. խմբակին մէջ` Դ. հանգրուանէն ետք:





