Կառավարութեան երէկուան արտահերթ նիստին ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» Հայաստանի սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին հարցը:
Հիմնական զեկուցող` արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան ներկայացուց օրէնքին մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները: Ան նշեց, որ ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու կարեւորագոյն նպատակն է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ընտրական հաստատութեան կայացումը:
Ըստ Զէյնալեանի, Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները կ՛անդրադառնան շարք մը հիմնարար խնդիրներու: Ան յայտարարեց, որ տարածքային ցուցակները պիտի վերանան, եւ պիտի ընդունուի պարզ համամասնական ընտրակարգը:
Յաջորդ փոփոխութիւնը դաշինքներու ձեւաւորման սահմանափակումներու վերացումն է եւ ժամկէտներու ընդլայնումը` 6 օրէն փոխելով 10 օրի:
«Կուսակցական բազմակարծութեան ապահովման նպատակով ընտրուելու նուազագոյն շէմի իջեցում. կուսակցութիւններու համար անցողիկ շէմը կը սահմանուի 4 առ հարիւր` նախկին 5-ի փոխարէն, իսկ դաշինքներու պարագային` նախկին 7-ի փոխարէն 6 առ հարիւր», ըսաւ նախարարը:
Ըստ նախագիծի, կը նուազի նաեւ ընտրագրաւի գումարը, եւ խորհրդարան պարտադիր պէտք է անցնի 4 կուսակցութիւն (կուսակցութիւններու դաշինքներ): Կը բարելաւուի կիներու չափաբաժինը եւ կը վերանայ պոնիւսային համակարգը:



