Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք անհետացած սէուտցի յայտնի ընդդիմադիր լրագրող, «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի թղթակից Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը ապացուցող ձայնագրութիւնները կը գտնուին ձեռքը թրքական իշխանութիւններուն, որոնք ալ այդ մասին տեղեակ պահած են Միացեալ Նահանգները: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը:
Ըստ օրաթերթին, թրքական ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան պաշտօնեաները «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած են, թէ գոյութիւն ունեցող ձայնագրութիւններուն մէջ յստակօրէն լսելի է այն ամէնը, ինչ որ տեղի ունեցած է լրագրողին հետ` հիւպատոսարանի շէնք մուտք գործելէ ետք:
Աղբիւրը կը պնդէ, որ Խաշոկճին հիւպատոսարանին մէջ անմիջապէս ձերբակալուած, հարցաքննուած եւ չարչարուած է: Ան սպաննուած է եւ մարմինը մասնատուած: «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի անանուն զրուցակիցը նշած է, թէ իրենց ձեռքը եղած նիւթերը ուղղակի ցնցիչ են:
Կը նշուի, սակայն, որ թրքական կողմը այդ ձայնագրութիւնները հրապարակելու հարցին մէջ քիչ մը զգուշաւոր է, որովհետեւ անոնք բացայայտ քննութեան տրամադրելու պարագային յստակ պիտի դառնայ, թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները ինչպէ՛ս կը գաղտնալսեն իրենց երկրին տարածքին գտնուող օտարերկրացի լրագրողները:



