Անգլիական Ասթոն Վիլա ակումբին կողմէ յայտարարուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Տին Սմիթ, իսկ անոր օգնական նշանակուեցաւ 37 տարեկան Ճոն Թերի, որ քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նախորդ տարեշրջանին, Թերի մաս կազմեց նոյնինքն Ասթոն Վիլային` կատարելով 36 մրցում եւ նշանակելով կոլ մը:
Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, Չելսի անոր առաջարկած էր ստանձնել խումբին երիտասարդական կազմին մարզիչի պաշտօնը:
Ասթոն Վիլա Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան սկսաւ ոչ այդքան տպաւորիչ ձեւով` նկատի ունենալով, որ անիկա 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 15 կէտով կը գրաւէ 15-րդ դիրքը:
Իսկ Ասթոն Վիլայի թեքնիք տնօրէն նշանակուեցաւ Խեսուս Կարսիա Փիթարխ, որ նախապէս նոյն այս պաշտօնը կը վարէր Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Վալենսիայի հետ: