Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) վերջ գտաւ ճիւտոյի երիտասարդներու (մինչեւ 18 տարեկան) Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքը, ուր յաջողութեամբ հանդէս եկան Էսթոնիայի ներկայացուցիչներ Արտակ եւ Աննա Արզումանեաններ:
Արտակ Արզումանեան, որ 60 քկ կշիռի մրցումներուն կը մասնակցէր, 4 յաղթանակներ ձեռք ձգեց եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը` դառնալով պրոնզէ մետալակիր: Իր քոյրը` Աննա իր կարգին բարձրացաւ պատուոյ հարթակ` նուաճելով պրոնզէ մետալ:
Մրցումներուն մասնակցեցաւ նաեւ ընտանիքի այլ անդամ մը` Արէն Արզումանեան, որ մասնակցեցաւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն, բայց միայն 1 յաղթանակ արձանագրելով պարտուեցաւ քառորդ աւարտականին:
Նշենք, որ Էսթոնիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն ալ հայազգի Վլատիմիր Ստեփանեանն է, որուն գլխաւորութեամբ Էսթոնիոյ մէջ ճիւտոն կայուն աճ կ՛արձանագրէ միջազգային ասպարէզին մէջ: