Մոնաքօ պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ իր պաշտօնէն հեռացուցած է ակումբին փորթուգալցի մարզիչը` Լէոնարտօ Ժարտիմը:
44 տարեկան մարզիչի պաշտօնազրկման պատճառը բնականաբար խումբին անյաջող մեկնարկն էր` Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Իշխանապետական կազմը 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 6 կէտով միայն կը գտնուի 18-րդ եւ նախավերջին դիրքին վրայ:
Ան 2014-էն ի վեր Մոնաքոյի մարզիչն է:
Ըստ ֆրանսական մամուլին, շատ հաւանական է, որ ֆրանսացի Թիերի Հանրի ըլլայ անոր յաջորդը: