20 տարեկան հայ յառաջապահ Սթեֆան Սողոմոնեան, որ կը խաղայ «Էս. Էմ. Եու.» Մասթընկզ համալսարանական խումբէն, ընտրուեցաւ շաբթուան լաւագոյն մարզիկը` Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Ան ընտրուեցաւ նաեւ Ատլանտեան շրջանի լաւագոյն յարձակողական մարզիկը:
Սողոմոնեան բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ վերջերս` նշանակելով 8 կոլ իր վերջին 4 մրցումներուն: Անցեալ շաբաթ ան փայլեցաւ Էս. Էմ. Եու.-ի երկու մրցումներուն, Պոսթըն քոլեճի (3-2) եւ Սենթրըլ Արքանսայի (2-0) դէմ յաղթանակներուն: Երկրորդ մրցումին, ան դաշտ ներկայացաւ իբրեւ փոխարինող մարզիկ` նշանակելով իր խումբին զոյգ կոլերը: Ան աւելի ուշ հեթրիք իրագործեց այլ մրցումի մը Ատլանտեան շրջանի գծով, ուր իր կազմը 3 կարեւոր կէտեր խլեց:
Էս. Էմ. Եու.-ի վերջին շաբթուան 5 կոլերը Սողոմոնեան նշանակեց, եւ Մասթընկզ, որ իր վերջին 4 մրցումներուն 9 կոլ կրցած էր, 8 կոլ նշանակեց շնորհիւ Սթեֆանի:
«Թուփ Տրոուըր Սոքըր» Սողոմոնեանը ընտրուած էր շաբթուան մարզիկը, մինչ Ատլանտեան շրջանի կողմերէն երկրորդ անգամ ըլլալով զինք ընտրեց շաբթուան լաւագոյնը:
Հոկտեմբերի սկիզբը Սողոմոնեան արդէն իսկ ստացած էր այս մրցանակը` ամրապնդելով իր դիրքը իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն յառաջդիմած յառաջապահը:
Էս. Էմ. Եու.-ին միանալէ առաջ, Սողոմոնեան կը խաղար Ֆորթունա Տիւսելտորֆի երիտասարդներու խումբէն, ինչպէս նաեւ խաղցած է Ունթերաթ խումբէն` Գերմանիոյ մէջ: Համալսարանային ախոյեանութեան գծով ան 13 ելոյթ ունեցած է մինչեւ օրս` նշանակելով 9 կոլ:
Միացեալ Նահանգներ ծնած Սողոմոնեան դեկտեմբերին 21 տարեկան կը դառնայ:


