Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը յայտարարեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն ծիրին մէջ մտած են անոր աւարտին հասնելուն օրերը համրելու փուլին, մինչ ժողովուրդը կ՛ակնկալէ աւելի լուրջ եւ պատասխանատու վերաբերում: Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ պլոքը կը յայտնէ, որ կառավարութեան կազմութիւնը բնական եւ անմիջական մուտքն է դէպի պատասխանատուութիւն եւ գործունէութիւն, ուր կարելի պիտի ըլլայ դնել կառավարութեան ծրագիրները եւ աշխատիլ այդ գծով` իւրաքանչիւր նախարար իր ծիրին մէջ:
Պլոքը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի ընկերային արժէքներուն եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու կարեւորութեան, ինչ որ հիմնուած է իսլամ ու քրիստոնեայ կրօններուն ընկերաբարոյական արժեչափերուն վրայ: Պլոքը նաեւ խօսեցաւ ընտանեկան սրբութեան պահպանման ու նոր սերունդին առողջ դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի մամուլը:
Հաղորդագրութիւնը անդրադարձ կատարեց նաեւ Ամերիկայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութեան, ի մասնաւորի Եմէնի վրայ կատարուած յարձակումներուն առնչութեամբ: Վերջերս Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած դէպքը անոնք որակեցին մեծ ամօթ թէ՛ օրինական, թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ: «Այս արարքը Արեւմուտքի պետութիւնները, յատկապէս Ամերիկան, դրաւ մարդկային իրաւունքները զանցող եւ օրէնքէ վեր գտնուող պետութիւններու նեցուկ կանգնողներու շարքին», նշեց հաղորդագրութիւնը ու աւելցուց, թէ այս արարքը փաստեց, որ Սէուտական Արաբիա ոճրագործ իշխանութիւն մըն է:



