Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի իր զարմանքը արտայայտեց «Նահար» օրաթերթի սպիտակ էջերով հրապարակուած թիւին առնչութեամբ: Ան այս նախաձեռնութիւնը կոչեց «հոգեվարքի կանչ»:
Քաաքի աւելցուց, որ տեղեկատուութեան նախագահ Մըլհեմ Ռիաշի որեւէ օրինագիծ չէ յաջողեցուցած, այլ ժամանակը վատնած է խօսելով: Սենտիքային նախագահը ընդգծեց, որ 6 միլիոն տոլարի յատկացում մը կրնայ իսկապէս փրկել լիբանանեան գրաւոր մամուլը` աւելցնելով, որ քաղաքական իշխանութիւնները գրաւոր մամուլին փրկութեան համար տրուած բոլոր առաջարկներուն չեն համաձայնիր, «լիբանանեան իշխանութիւնները չեն սիրեր գրաւոր մամուլը», ըսաւ ան:
Քաաքի յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ շարունակ դիմումներ կը կատարեն պատասխանատու մարմիններուն, իսկ թերթերու դադրեցումին հիմնական պատճառը տնտեսական հարցն է:



