Նախորդ շաբաթավերջին Պաթումի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային 43-րդ ողիմպիականը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Չինաստանի զոյգ խումբերը յաջողեցան հանդիսանալ ախոյեան:
Տղոց մրցաշարքի տիտղոսակիր դարձաւ Չինաստան, որ ապահովեց 18 կէտ:
Անոր նման նոյնքան կէտ ապահովելով, յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա:
Հայաստանի հաւաքականը, քանի մը հանգրուանի ընկրկում ունենալով, մրցաշարքը աւարտեց 8-րդ դիրքին վրայ` 16 կէտով (7 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն):
Ազրպէյճան հանդիսացաւ 15-րդ:
Լիբանան 9 կէտով գրաւեց 126-րդ դիրքը (4 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն, 6 պարտութիւն), նոյն արդիւնքը արձանագրեց նաեւ Սուրիա (125-րդ):
Աղջկանց պարագային եւս տիտղոսակիր դարձաւ Չինաստան` 18 կէտով: Անոր նման 18 կէտ ապահովեց եւ երկրորդ անպարտելի խումբը մնաց Ուքրանիա (2-րդ): Երրորդ հանդիսացաւ Վրաստան:
Հայաստանի աղջիկները 16 կէտով գրաւեցին 6-րդ դիրքը (7 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն):
Ազրպէյճան գրաւեց 10-րդ դիրքը (16 կէտ):


