Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանան իրաւունք ստացաւ 14-21 հոկտեմբերին «Ռըսթոն» պանդոկին մէջ (Մաամըլթէյն) հիւրընկալելու ջրային տարբեր տեսակի մարզաձեւերու ֆետերասիոններուն համագումարը: Շաբաթ մը տեւելիք այդ համագումարին պիտի մասնակցի աշխարհի չորս ծագերէն եկած 28 երկիրներու ֆետերասիոններն ու անոնց ներկայացուցիչները:
Համագումարին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Ջրային մարզաձեւերու միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ռաֆայելլօ Շիուլի, որ սերտ կապեր ունի Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահին` ծովակալ Էտմոն Շաղուրիի հետ:
Այդ համագումարին կազմակերպման գծով նախապատրաստական աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին, որպէսզի այցելու երկիրները լաւ տպաւորութիւն ստանան Լիբանանի մասին, եթէ անիկա յառաջիկային փափաքի միջազգային մեծ մրցաշարքեր հիւրընկալել:
Շաղուրի մօտիկ ապագային պիտի սարքէ ընթրիքի մեծ երեկոյ մը, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ իր խօսքը` այս համագումարին մասին տալով մանրամասն լուսաբանութիւններ:



