Երէկ` Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 31-րդ ախոյեանութեան երրորդ օրը, կատարուեցան երկու մրցումներ:

Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆաթըհի դէմ (Սէուտական Արաբիա), երբ 33 կէտի տարբերութեամբ պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` 96-63 արդիւնքով (27-12, 23-12, 26-14 եւ 20-25):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մրցումին ազդանշանը տրուելուն պահէն իրենց վերահսկողութեան տակ առին անոր ղեկը եւ մոռնալով իրենց կրած առաջին պարտութիւնը (Սալայէն), արձանագրեցին մրցաշարքի իրենց առաջին փայլուն յաղթանակը:
Մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել նոյնիսկ մինչեւ 42 կէտի (80-38):
ՀՄԸՄ-էն Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 22 կէտ, Քրիս Ճոնսըն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 11 ռիպաունտ), 17 կէտ նշանակեց Փաթրիք Պու Ապպուտ, Քարիմ Զէյնուն` 12 կէտ, Վարանդ Գըլընճեան` 5, Սեւակ Քեթենճեան` 3, Փաուլօ Պետիկեան` 2, Ժերար Հատիտեան` 9, մինչ Ուոլթըր Հոճ բաւական մօտ էր թրիպըլ-տապըլ մը իրագործելու (13 կէտ, 8 ռիպաունտ, 8 էսիսթ):
Օրուան իրաւարարներն էին Սամեհ Սթեֆանոս (Եգիպտոս), Եուսեֆ Սեֆիան (Ալճերիա) եւ Խալետ Հապապի (Քաթար):
Այս մրցումին յաջորդած երկրորդ մրցումին, Արապի (Քաթար) 93-58 արդիւնքով յաղթեց Նասըրին (Սէուտական Արաբիա):
Այսօր` մրցաշարքին չորրորդ օրը, կը կատարուին երկու մրցումներ` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
| ԺԱՄ | |
| Շապապ Քալանտիա (Պաղեստին) – Սփորթինկ (Եգիպտոս) | 18:30 |
| Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս) – Պէյրութ (Լիբանան) | 20:30 |


