Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կը թուի, թէ երիտասարդները, մանաւանդ` բարգաւաճ եւրոպական երկիրներու մէջ, պէտք է լաւատես ըլլան իրենց ներկային եւ ապագային հանդէպ, իսկ բարգաւաճող կամ յարաբերաբար աղքատ երկիրներու երիտասարդները` յոռետես: Սակայն յաճախ այդպէս չէ: Ժամանակակից արհեստագիտութիւններու մեծ մասին լաւապէս տիրապետած, նախկինէն աւելի դիւրին եւ բարեկեցիկ կեանք մը ապրող երիտասարդներ ի՞նչ կ՛ուզեն, ի՞նչ բանի կը ձգտին: «Քափիթալ» կայքը անդրադարձած է այս երեւոյթին:
Ն.
Գերմանիոյ երիտասարդները ինչո՞ւ շատ յոռետես են իրենց ապագային հանդէպ:
Գերմանական տնտեսութիւնը բուռն կը բարգաւաճի: Գործազրկութիւնը ցած է (շատ մօտ է մրցանիշին): Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ Գերմանիան կը դիտուի որպէս հարստութեան եւ արդիւնաւէտութեան նշան:
Ուրեմն ինչո՞ւ այդ բարգաւաճ երիտասարդ գերմանացիները այդքան յոռետեսօրէն տրամադրուած են իրենց ապագային հանդէպ:
Լաւ աշխատանքային հեռանկարներ, մաքուր միջավայր, յանցագործութեան ցած ցուցանիշներ, ժամանցի բազմաթիւ պահեր, մշակութային վայրեր, լաւ փոխադրամիջոցային կապեր, ուրեմն ի՞նչ կայ չսիրուելիք:
Սակայն մակերեսին տակ խնդիրներ կան, որոնք կրնան ազդել երիտասարդ սերունդին վրայ:
Քաղաքական վերլուծաբան Փիթըր Մատուշչեն կ՛ըսէ, որ մինչ գերմանացիները հակուած են գոհ ըլլալու իրենց սեփական կեանքէն, անոնք մտահոգ են իրենց երկիրին գացած ուղղութեամբ:
Ըստ հարցախոյզի մը արդիւնքներուն, 81 առ հարիւրը շատ երջանիկ, կամ պարզապէս երջանիկ է իր անձնական դրամական պայմաններէն, կեանքէն: Մինչ երկրին մասին աւելի ընդարձակ հարցումի մը երբ կը պատասխանեն, այդ թիւը կտրուկ կը նուազի մինչեւ 10 առ հարիւր:
Մինչ 71 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ երջանիկ է գերմանական քաղաքական համակարգէն, որ` պէտք է այդ ձեւով գործէ, սակայն միայն 14 առ հարիւրը գոհ է ներկայ ընթացքէն:
Երբ խօսքը կը վերաբերի տնտեսութեան, օրինակ, Մատուշչեն կ՛ըսէ, որ անցեալ տարուան ընթացքին ընկալումները շօշափելի կերպով փոխուեցան:
Հարցումին, թէ արդեօ՞ք տնտեսութիւնը կը բարելաւուի, թէ՞ կը վատանայ, յունուարին գերմանացիները բաւական հաւասար տարակարծիք էին: Ամրան սկիզբէն ի վեր, սակայն, աւելի մեծ յոռետեսութիւնը 20 առ հարիւր աւելցաւ:
Մինչ կրնայ ենթադրուիլ, որ ասիկա երեւոյթ մըն է տարեց գերմանացիներու շրջանակին մէջ, սակայն ատիկա նոյնպէս շատ կ՛ազդէ երիտասարդ սերունդին վրայ:
Բրիտանիոյ յետընտրական Պրեքզիթի (Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու) քուէարկութիւնը լուսաբանող տուեալները ցոյց կու տան, որ երիտասարդները կը զգան, թէ իրենց ծնողներուն եւ անոնց ծնողներուն խնդիրներով կը ծնին, եւ թէ` իրենց քաղաքական ապագան որոշուած է աւագ սերունդին կողմէ:
Արդար ըլլալու համար ըսենք, որ գերմանացիները բաւական տխուր ամառ մը անցուցին: Ներգաղթի նկատմամբ խիստ քննադատութիւնը գրեթէ պիտի տապալէր կառավարութիւնը: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ Մեսութ Օզիլ, որ թրքական ծագում ունի, հրաժարեցաւ հաւաքականէն` այս ամառ խումբի անդամներուն եւ համակիրներուն կողմէ խտրական ենթադրութենէն ետք: Միջադէպը լայն քննարկումներու դուռ կը բանար Գերմանիոյ մէջ ամէնօրեայ խտրականութեան տարածման մասին:

Օգոստոսի վերջաւորութեան Գերմանիոյ արեւելեան Սաքսոնիա նահանգի Քեմնից քաղաքի փողոցներուն մէջ ծայրայեղ աջակողմեաններու ըմբոստութիւններն ու օտարականներ հալածելու տեսագրութիւնը ցնցեց երկիրը եւ վերարծարծեց այն հարցերը, թէ որքանո՛վ Գերմանիան սորված է անցեալէն:
Գերմանական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուեցաւ ճգնաժամի զգացում: Յունիսի վերջաւորութեան, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքէն դուրս մնալէն անմիջապէս ետք, գերմանական` «Տեր Շփիկըլ» թերթին գլխաւոր վերնագիրը եղաւ` «Ժամանակին շատ ուժեղ երկիր կար»: «Քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ մարմնամարզի ճգնաժամերը հետեւանք են մեծ սխալներու: Ինչպէ՞ս կարելի է ատոր հասնիլ», կ՛ըսուէր գրութեան մէջ:

Ատոր հետեւեցաւ ամառնային տաք ալիքը եւ այն մռայլ յայտարարութիւնները, թէ կլիմայի փոփոխութիւնը ի՛նչ կրնար բերել Գերմանիոյ:
Ուրեմն, ի՞նչ կը կատարուի: Թէեւ յոռետեսութեան այդ զգացումները, հաւանաբար, կարծես թէ լրատուամիջոցային փոթորիկ են գաւաթ մը ջուրի մէջ, սակայն երիտասարդ գերմանացիներուն տուեալները եւ անոնց արտայայտած կարծիքները կը կրեն այլ բնոյթ:
Երիտասարդներուն համար այս յոռետեսութեան մեծ մասը կու գայ ծայրայեղ աջ քաղաքական կուսակցութեան` «Գերմանիոյ այլընտրանքը»-ին հզօրացումէն: Շատերը կը կարծեն, որ ատիկա Գերմանիոյ քաղաքականութեան խորտակումն է:
Պերլինի մէջ քաղաքացիական կազմակերպութեան անդամ 28-ամեայ Պաքէն ըսաւ, որ ծայրայեղ աջի աճող ազդեցութիւնը ցոյց կու տայ, որ նոր եւ աւելի շատ ատելութեամբ լեցուած բնաբանները գերիշխող պիտի ըլլան ազգային երկխօսութեան եւ լրատու միջոցներուն մէջ:
«Ծայրայեղ աջի բարձրանալէն ի վեր ինծի կը թուի, որ ամբողջ քաղաքական ուղղութիւնը ներգաղթի, ատելութեան եւ յանցագործութեան մասին է: Ատիկա չի կեդրոնանար այն իսկական խնդիրներուն վրայ, որոնք մենք այժմ ունինք», ըսաւ ան:
Պաքէն ըսաւ, որ փոխանակ ուշադրութիւնը միակողմանիօրէն կեդրոնացնելու ներգաղթի վրայ` կառավարութիւնը պէտք է աւելի շատ ժամանակ յատկացնէր առողջապահական համակարգի բարելաւման վրայ, աւելի շատ ներդրումներ կատարէր կրթութեան մէջ եւ մտածէր, թէ ինչպէ՛ս պատրաստել երիտասարդ սերունդը ապահով կենսաթոշակի անցնելու համար:

Ըստ Պերլինի մէջ 24-ամեայ ուսանող Ճիւլ Լովի, Քեմնիցը տխուր յիշեցում մըն է, որ Գերմանիա բաւական լաւ չէ սորված սեփական պատմութենէն:
«Գրեթէ իմ ամբողջ կեանքս ես մտածեցի, որ դպրոցներու եւ համալսարաններուն մէջ այն բաները, որոնք մենք սորված էինք` գերմանական ազգայնականութիւնը եւ անցեալ դարու պատմութիւնը, խտրականութիւնը, ատոնք մենք անցեալին մէջ ձգած ենք: Իսկ իրականութիւնը ցոյց տուաւ մեզի այլ բան»:
Լով շարունակեց. «Քեմնիցի մէջ տեղի ունեցածը կրնայ թուիլ որպէս մեկուսացած իրադարձութիւն, բայց ատիկա ապացոյց է, որ նման իրադարձութիւնները կրնան տեղի ունենալ որեւէ երկրի մէջ, եթէ ընթացքը, ուղղութիւնը չի փոխուիր: Իմ ապրած վայրիս մէջ մինչեւ այսօր տակաւին չէ եղած: Բայց Քեմնիցը շատ հեռու չէ այնտեղէն, ուր մենք հիմա կը գտնուինք»:
Նոյնպէս կայ այն զգացումը, որ եթէ նոյնիսկ ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ, Գերմանիա կը գտնուի ելեւմտական եւ ընկերային խնդիրներու առջեւ: Այլ խօսքով, բազմաթիւ երիտասարդ գերմանացիներ կրնան զգալ, որ այժմ լաւ վիճակի մէջ են, բայց կը վախնան, որ ապագային նոյնը պիտի չըլլայ:
«Մենք այժմ լաւ կ՛ընթանանք, կամ ես հիմա լաւ եմ: Բայց ակներեւ է, որ եթէ հինգէն տասը տարի դէպի ապագայ նայիք, մենք որոշ քառուղիի վրայ պիտի ըլլանք, թէ երկիրը ինչպէ՛ս պէտք է բարգաւաճի: Կը կարծեմ, որ բոլորը քիչ մը մտահոգ են, թէ ո՛ր ուղիով պիտի ընթանայ ծայրայեղ աջի աճը, եւ պետութիւնը բաւարար չափով ներդրումներ դնելով կրթութեան եւ ենթակառոյցներու մէջ` ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ապագան», ըսաւ Պաքէն:
Համեմատելով շատ մը այլ եւրոպական երկիրներու մէջ իրենց տարեկիցներու հետ` երեւութապէս երիտասարդ գերմանացիներուն համար ամէն բան լաւ է:
Այստեղ գործազուրկ երիտասարդները 6 առ հարիւր են, շատ աւելի նուազ` Եւրոպական Միութեան երկիրներէն:
Սակայն տակաւին միշտ այն զգացումը կայ, որ աւագ սերունդը բաւարար ուշադրութիւն չի դարձներ երիտասարդներու հարցերուն:
2009 թուականէն մեծ քաղաքներու մէջ բնակարաններու գիները աւելցած են 80 առ հարիւր: Վարձքերը նոյնպէս կ՛աւելնան:
Միաժամանակ, բնակչութեան արագ ծերացումը կը խոչընդոտէ պետական կենսաթոշակային համակարգի դրամական կայունութիւնը:
«Գերմանիոյ մէջ այն քաղաքականութիւնը, որ մենք այժմ ունինք, աւելի միջին տարիքի մարդոց համար է, ոչ թէ` երիտասարդ սերունդին համար», ըսաւ 24-ամեայ Ահարոն Հինզ, Պերլինի առողջապահութեան ասպարէզէն: Ան աւելցուց. «Երբ կը նայիս ապագային եւ կը հարցնես, թէ ո՞վ պիտի վճարէ իմ կենսաթոշակս, երբ կը ծերանամ: Ոչ ոք»:
«Միայն այն պատճառով, որ գերմանացիները յոռետես են իրենց ապագայի համար, չի նշանակեր, որ երկրէն դուրս գտնուողները այնքան մռայլ են: Եւրոպայի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ Գերմանիա կը շարունակէ մնալ շատ հարուստ երկիր` այն երիտասարդներուն համար, որոնք կ՛ուզեն դէպի աւելի կանաչ արօտավայրեր տեղափոխուիլ»:
Աշխարհի Երիտասարդներուն
Մեծ Մասը Երջանիկ Է
Աշխարհի երիտասարդներուն մեծ մասը երջանիկ է, բայց ամէնէն երջանիկ վայրերը այնտեղ չեն, ուր դուք կը կարծէք:
Աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 10 երիտասարդներէն 7-ը (68 առ հարիւր) ըսին, որ իրենց կեանքէն գոհ են, սակայն կան մեծ տարբերութիւններ երկիրներու միջեւ:
Աւելի բարեկեցիկ երկիրներու մէջ ապրողները, ըստ էութեան, ոչ այնքան երջանիկ են, որքան` ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ ապրողները:
Այս յայտնաբերումները արդիւնքն են նոր հարցախոյզի մը` կատարուած «Վարքէյ» հիմնադրամին կողմէ, նիւթական շահ չհետապնդող կազմակերպութիւն մը, որ կեդրոնացուցած է բարելաւելու անապահով երեխաներուն կեանքերը գիտութեան միջոցով:
Անոնք հարցուցին 20 երկիրներու մէջ ապրող 20.000 անձերու, 15-21 տարեկանի միջեւ, որոնք յայտնի են իբրեւ «Սերունդ Զ.» անունով, թէ ի՛նչը իրենց ուրախութիւն կը պատճառէ, եւ ի՛նչ կը մտածեն կարգ մը նիւթերու մասին:
Երիտասարդները, որոնք կ՛ըսէին, որ ամէնէն երջանիկն են, կ՛ապրին նոր զարգացող երկիրներու մէջ: Ինտոնեզիան (90 առ հարիւր) ամէնէն երջանիկն է, Նիկերիան (78 առ հարիւր) կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, իսկ Հնդկաստանը (72 առ հարիւր)` երրորդ:
Զարգացած երկիրներուն մէջ երիտասարդները ամէնէն նուազ երջանիկն են: Ֆրանսա (57 առ հարիւր), Մեծն Բրիտանիա (57 առ հարիւր), Աւստրալիա (56 առ հարիւր) եւ Ճափոն (28 առ հարիւր) ստացան երջանկութեան ցած ցուցանիշներ` բաղդատած հարցախոյզին մասնակից այլ երկիրներու:
Զեկոյցը նաեւ յայտնաբերած է, որ «Սերունդ Զ.»-ը նուազ երջանիկ կը դառնայ մեծնալով: 19-21 տարեկան երիտասարդներուն 52 առ հարիւրը նշած է, որ երջանիկ է` ի տարբերութիւն 15-16 տարեկան պատանիներու 68 առ հարիւրին:
Գոյութիւն ունի նաեւ սեռային անհաւասարակշռութիւն: Երիտասարդ աղջիկներուն 56 առ հարիւրը երջանիկ է, մինչ տղամարդոց` 62 առ հարիւրը:
Կրնա՞նք երջանկութիւնը չափել
Հարցախոյզը մասնակիցներուն ուղղեց հետեւեալ հարցումը. «Նկատի առնելով ամէն բան, որքանո՞վ ուրախ էք կամ դժգոհ ձեր կեանքէն այս պահուն»: Պատասխանները կրնային երկարիլ 1-էն շատ ուրախ, մինչեւ 5` շատ դժգոհ:
Բայց երջանկութիւնը ենթակայական չափանիշ է, եւ դժուար է հետեւողականօրէն արձանագրել տարբեր մշակոյթներու միջեւ: Որոշ հոգեբաններ կասկածի տակ կը դնեն այս ձեւին ճշգրտութիւնը` հաշուի առնելով, որ մեր տեսակէտը մեր կեանքի հանդէպ կրնայ ըլլալ անցողակի եւ բաւական ենթակայական:
Երջանկութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ ծիներէն, անհատականութենէն եւ նոյնիսկ բախտէն: Երջանկութիւնը չափելը համեմատաբար նոր գիտակարգ է եւ յստակօրէն հեռու` կատարեալ ըլլալէ:
Զեկոյցը կը շարունակուի` երիտասարդներուն հարցնելով, որ ի՞նչ գործօններ կարեւոր են իրենց երջանկութեան համար:
Ի՞նչը զիրենք ուրախ կը դարձնէ
Երիտասարդներուն համար ամէնէն նուազ գործօնը անոնց հաւատքը կամ կրօնէն կառչածութիւնն է, կէսէն նուազ` 44 առ հարիւրը նշած է, որ ատիկա կարեւոր է իրենց երջանկութեան համար:
Ամէնէն կարեւորը առողջութիւնն է, ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, 84 առ հարիւրը ըսաւ, որ իրենց առողջութիւնը ամէնէն արժէքաւոր գործօնն է:
Միւս բարձրագոյն նիշ ստացած գործօնը լաւ յարաբերութիւններ ունենալն է ընկերներու (91 առ հարիւր) եւ ընտանիքին (92 առ հարիւր) հետ, ինչպէս նաեւ` յաջողիլ ուսման կամ աշխատանքին մէջ (89 առ հարիւր): Դրամը նոյնպէս կարեւոր է (85 առ հարիւր):
Ինչպէս կրնաք ակնկալել, տարբերութիւններ կան երիտասարդներու առաջնահերթութիւններուն մէջ տարբեր երկիրներու միջեւ:
Կրօնին կառչածութիւնը շատ աւելի կարեւոր է Ինտոնեզիոյ մէջ (93 առ հարիւր) եւ` Նիկերիոյ (86 առ հարիւր), քան` Ճափոնի (9 առ հարիւր) կամ Ֆրանսայի մէջ (18 առ հարիւր):
Բաւական դրամ ունենալը աւելի կարեւոր է հարաւքորէացիներուն համար (90 առ հարիւր), քան` արժանթինցիներուն (73 առ հարիւր):
Ամէնէն մեծ մտահոգութիւնը ծայրայեղականութիւնն է (83 առ հարիւր) եւ համաշխարհային ահաբեկչութեան աճը, որուն կը յաջորդեն հակամարտութիւնը եւ պատերազմը (81 առ հարիւր):
«Սերունդ Զ.»-ը կը հաւատայ գիտութեան ուժին, եւ 80 առ հարիւրը կ՛ըսէ, որ ատիկա յոյսի աղբիւր է: Զարմանալի չէ, որ երրորդ մեծագոյն մտահոգութիւնը (69 առ հարիւր) երեխաներուն համար կրթութեան մատչելիութեան բացակայութեան շարունակութիւնն է:
Կլիմայական փոփոխութիւնը (66 առ հարիւր) նաեւ այլ անհանգստութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ` համաշխարհային համաճարակի վտանգը (62 առ հարիւր):
Թէեւ աւագ սերունդները կը մտահոգուին համացանցի եւ ընկերային լրատուամիջոցներու ազդեցութեան առնչութեամբ, սակայն արհեստագիտական փոփոխութեան ընթացքը «Սերունդ Զ.»-ի համար նուազ մտահոգեցուցիչ է: Միայն 30% -ը ատիկա մտահոգութիւն կը նկատէ:
Ասպարէզի ուղին գծել «Սերունդ Զ.»-ի համար
Երբ անոնց հարցուցին, թէ ի՛նչը կարեւոր էր իրենց ընթացիկ կամ ապագայ ասպարէզին մէջ, երիտասարդները ամէնուրեք ըսին, որ հմտութիւններ զարգացնելը ամէնէն կարեւոր գործօնն է (24 առ հարիւր): Ամսականը գրաւեց երկրորդ դիրքը (23 առ հարիւր), իսկ գործին մէջ յառաջանալը` երրորդ դիրքը (19 առ հարիւր):
Աշխարհի մէջ դրական ազդեցութիւն ունեցող կազմակերպութեան մը համար աշխատիլը նուազ կարեւոր է իրենց համար (13 առ հարիւր):
Աստղ դառնալը եւ հանրածանօթ ըլլալը ամէնէն նուազ կարեւորն է իրենց համար, միայն 3 առ հարիւրը ատիկա առաջնահերթութիւն կը նկատէ:
Աշխարհի քաղաքացիներ
«Սերունդ Զ.»` 1995 եւ 2001 թուականներուն միջեւ ծնած երիտասարդները առաջին թուային բնիկներն են: Անոնց համար համացանցը միշտ ներկայ եղած է: Առաջին DVD-ները հրապարակուած են իրենց ծննդեան ժամանակահատուածին մէջ: Ֆէյսպուքը եւ Այֆոն-ը հրապարակուեցան, երբ անոնք երեխայ էին: «Սերունդ Զ.»-ի անդամները առաջին անձերն են, որոնք հաւանաբար պիտի ապրին 22-րդ դարը տեսնելու համար:
Զեկոյցը կը պնդէ, որ ասիկա առաջին իսկական սերունդն է համաշխարհային քաղաքացիներու, եւ թերեւս անոնք համաձայն կ՛ըլլան:
Հարցախոյզ մը, որ առած է 18-35 տարեկան երիտասարդներու կարծիքը, կը նշէ, որ անոնց մեծ մասը կը զգայ, որ իրենք աշխարհի քաղաքացիներ են ամէն բանէ աւելի:
Իրօք, «Վարքէյ» հիմնադրամին կատարած հարցախոյզին մէջ կը յայտնուի, որ աշխարհի մէջ երիտասարդներուն աւելի քան երկու երրորդը (67 առ հարիւրը) կը հաւատայ, որ կարեւոր է հասարակութեան մէջ կատարել աւելի մեծ ներդրում, այսինքն` իրենցմէ եւ իրենց ընտանիքէն աւելի կարեւոր:
«Վարքէյ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վիքաս Փոթան կը հաւատայ, որ աշխարհը ապահով ձեռքերու մէջ պիտի ըլլայ, երբ «Սերունդ Զ.»-ը մեծնայ եւ ստանձնէ ղեկավար դիրքեր: Խօսելով զեկոյցի հրապարակման մասին` ան ըսաւ. «Յուսադրիչ է իմանալ, որ երիտասարդներու միտքերը, աշխարհի քաղաքացիութիւնը մահացած չեն, ատիկա պարզապէս սկսելու փուլի մէջ է»:
«Ազգայնական եւ ժողովրդական շարժումներու ժամանակ, որոնք կը կեդրոնանան մարդոց միջեւ տարբերութիւններուն վրայ, ապացոյցները ցոյց կու տան, որ երիտասարդները, անկախ իրենց ազգութենէն կամ կրօնէն, կը կիսեն աշխարհի հանդէպ ակնյայտօրէն նմանատիպ տեսակէտ»:
 
			


