Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` ճնշում բանեցնելու Հայաստանի վրայ, որպէսզի «անյապաղ ու անվերապահօրէն սկսի ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման վերաբերեալ որդեգրուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու գործադրման»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մամետեարովի համաձայն, «Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը պէտք է հասկնայ, որ հայ ժողովուրդին տրուած` Հայաստանը տնտեսապէս զարգացած ու բարգաւաճ պետութիւն դարձնելու իր խոստումը անիրագործելի է առանց խաղաղութեան, բարի դրացիական յարաբերութիւններու եւ դրացիներու գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի»:
Անոր կարծիքով. «Եթէ հայկական նոր ղեկավարութիւնը ինքզինք ժողովրդավարական կը կոչէ, ապա պէտք է գործէ` համաձայն օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու»:
«Ազրպէյճանը անկեղծօրէն կ՛ենթադրէ, որ խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու փոխշահաւէտ շրջանային համագործակցութիւնը չունին համարժէքներ», ընդգծած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ նախ եւ առաջ իրենք են տագնապի շուտափոյթ քաղաքական լուծման հարցով ամէնէն շահագրգռուած կողմը:



