Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 6-րդ հանգրուանին, ախոյեան Եուվենթուս արձանագրեց իր վեցերորդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոլոնիան:
Եուվենթուս իր երկու կոլերը նշանակեց առաջին 16 վայրկեաններուն: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կոլ չնշանակեց:
Եուվենթուս իր ունեցած երեք կէտի առաւելութիւնը պահեց իր անմիջական մրցակիցին` Նափոլիի վրայ, որ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փարմային, ունեցաւ 15 կէտ: