Փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, դուրս մնաց Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն, երբ Գ. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին փենալթիներով պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ, «Օլտ-Թրեֆորտ»-էն, Տերպի Քաունթիէն:
Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Մարզիչ Ֆրանք Լամփարի կազմը` Տերպի Քաունթի, յաղթական դուրս եկաւ փենալթիներով` 8-7 արդիւնքով:
Նշենք սակայն, որ Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող` Սերճիօ Ռոմերօ 67-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Անոր խմբակիցներ Խուան Մաթթա (3-րդ) եւ Մարուան Ֆելլայնի (94-րդ) նշանակեցին իրենց կազմին կոլերը: