Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ խումբի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակեց Արամ Ոսկանեանը: Ան Ալաշկերտի հետ աշխատած է նաեւ 2016-2017 տարեշրջանին:
Վերջին շրջանին ան կը գլխաւորէր Բանանց Երեւանը, որ նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ Հայաստանի փոխախոյեան:
43 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը նախապէս գլխաւորած է նաեւ Միքա Երեւանը եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը:
Ալաշկերտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչի առաջին օգնական նշանակուեցաւ Անդրանիկ Բաբայեան: