ՀՅԴ աւագանիի անդամներու թեկնածուներու խումբը քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ կը շարունակէ այցելութիւնները Երեւանի համայնքներուն մէջ: Երէկ ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածուին մասնակցութեամբ անոնք այցելած էին Նուպարաշէնի վարչական շրջան:
Բնակիչները ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեանին հետ զրուցելու ընթացքին խօսած են զանազան հարցերու մասին, սակայն ամէնէն առանցքայինը Նուպարաշէնի աղբավայրի հարցն էր:
Թեկնածուն քաղաքացիներուն տեղեկացուցած է, որ իրենց ծրագիրին մէջ առանցքային կէտերէն է աղբի խնդիրի լուծումը եւ բացատրած, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն Նուպարաշէնի աղբավայրի հարցի լուծումը: Քաղաքացիներն ալ իրենց կարգին լուծման տարբերակներ առաջարկած են:
ՀՅԴ աւագանիի ցանկին մէջ Նուպարաշէն վարչական շրջանէն թեկնածու առաջադրուած է Եղիշէ Գէորգեան: Ան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Երեւանի բոլոր վարչական շրջաններն ալ ունին բազմաթիւ խնդիրներ, բայց Նուպարաշէնը կ՛առանձնանայ աղբավայրի հարցով:
Բնակիչներուն հետ հանդիպումէն ետք Միքայէլ Մանուկեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կը շրջի տարբեր վարչական համայնքներու մէջ, կը ծանօթանայ խնդիրներուն, կը լսէ մարդոց, որոնք խնդիրներու լուծման իրենց տարբերակը կ՛առաջարկեն, եւ կը նկատէ, որ բազմաթիւ խնդիրներու լուծումները բնակիչներն ու քաղաքապետը պէտք է միասին գտնեն:
«Այլ ճամբայ չկայ, քան միասնութիւնը: Բոլոր խնդիրները ունին իրենց լուծումը, բնակիչներն ու քաղաքապետը պէտք է միասնական աշխատանքով լուծեն Երեւանի առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրները», ըսաւ ան: