Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան. «Այլեւս Երբեք»-ը Պէտք Է Միանգամընդմիշտ Ամրագրուի»

September 14, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 39-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ 13 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան ուխտի ընդունման 70-ամեակին նուիրուած բարձր մակարդակի քննարկում, որուն կազմակերպումը ամրագրուած էր 23 մարտ 2018-ին Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանին ուխտով ընդունուած Հայաստանի նախաձեռնած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւով:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, որ հաստատեց, թէ Հայաստան յանձնառու եւ վճռական է մարդու իրաւունքներու օրակարգին, ատելութեան ենթահողի հիման վրայ գործուած յանցագործութիւններուն, որոնց կարգին` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը յառաջ մղելու շարունակական ջանքերուն:

Ան դիտել տուաւ, որ 1948-ին, ընդունելով ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ուխտը` միջազգային հանրութիւնը պարտաւորուեցաւ այլեւս երբեք թոյլ չտալ նման ոճիր: «Անկէ ի վեր մենք բազմիցս բարձրաձայնած ենք «Այլեւս երբեք»-ը, սակայն ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը տակաւին չէ դադրած: Արմատականութեան, խտրականութեան եւ ատելութեան միտումները կը ցնցեն միջազգային օրակարգը: Մասնաւորապէս մտահոգիչ է բազմակողմանիութեան եւ մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքի միջազգային յանձնառութեան զգալի անկումը, այն ժամանակ, երբ մենք աւելի շատ միջազգային համագործակցութեան եւ առաւել ամուր կառոյցներու, յատկապէս ՄԱԿ-ի կարիքը ունինք»:

Ընդգծելով, որ ՄԱԿ-ի անդամներուն գրեթէ մէկ քառորդը կը ձգձգէ ուխտին միանալու քայլը` նախարար Մնացականեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանը, իբրեւ երկիր, որ հետեւողականօրէն յառաջ կը մղէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման օրակարգը, նաեւ ՄԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ, կը միանայ ուխտի համընդհանրացման վերաբերող Յատուկ խորհրդականի կոչին:

Կարեւոր նկատելով կրթութեան դերը` մարդու իրաւունքներու յարգանքի մշակոյթը յառաջ մղելու հարցին մէջ, նախարարը ընդգծեց, որ 2015-ին կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային հաւաքին Հայաստան ամուր հարթակ տրամադրեց ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցին մէջ միջազգային համագործակցութեան համար:

Եզրափակելով իր խօսքը` նախարար Մնացականեան վերահաստատեց այն խորին համոզումը, որ «Այլեւս երբեք»-ը պէտք է միանգամընդմիշտ ամրագրուի:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հիւրընկալած Է Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը

Յաջորդը

Ըստ Միքայէլ Մանուկեանի. Բնակիչներն Ու Քաղաքապետը Պէտք Է Միասին Լուծեն Երեւանի Առջեւ Ծառացած Բազմաթիւ Խնդիրները

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.