Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Ապաստան Դիւրութեամբ Չի Տրուիր Քաղաքական Գործիչի

September 11, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով Ռուսիոյ տարածքին պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Մարտի 1»-ի գործով մեղադրեալ Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ հետախուզման չեղեալ յայտարարուելուն, դիտել տուած է, որ քաղաքական ապաստան դիւրութեամբ չի տրուիր քաղաքական գործիչի համար, եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի դէպքն ալ այդ պարունակին մէջ կը դիտարկուի:

«Մարդոց քաղաքական ապաստան կու տան միայն այն պարագային, երբ նկատուի, որ մարդու իրաւունքներու խախտումներ կրնան տեղի ունենալ, եթէ ինք վերադարձուի տուեալ երկրին», շեշտած է Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, եթէ քաղաքական ապաստան տրուի, ապա կը նշանակէ, թէ Ռուսիոյ մէջ այն կարծիքը ունին, թէ արդարացի չէ անոր նկատմամբ քրէական հետապնդումը:

Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեան-Վլատիմիր Փութին հանդիպման` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, թէ հանդիպման մասին տեղեկութիւն-տպաւորութիւններ ունի պաշտօնական Երեւանէն հնչած յայտարարութիւններէն, Նիկոլ Փաշինեանի Դիմատետրի գրառումէն, թէ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ ամէն ինչ լաւ է, խնդիրներ չկան:

«Մեր յարաբերութիւնները այնքան կարեւոր են ու նշանակալի, որ մնացած բոլոր հարցերը երկրորդական պէտք է նկատուին անոնց համեմատութեամբ: Կը կարծեմ, թէ այդ տրամաբանութիւնը տիրական եղած է հանդիպման ժամանակ», շեշտած է ան:

Պատգամաւորը համաձայն չէ գտնուած այն լրագրողներուն հետ, որոնց համաձայն, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն լաւ ըլլալը պէտք է պայմանաւորուի նաեւ Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարման դադրեցումով: Ըստ անոր, այդպիսի ուղի շատ կտրուկ է:

Արմէն Ռուստամեան յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միացեալ ծրագիրը դրական պիտի ազդէ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն վրայ:

Նախորդը

Ռուս Սահմանապահները Հայաստանի Պետական Սահմանի Խախտման Փորձ Բացայայտած Են

Յաջորդը

«Մենք Արամի Տեսակն Ենք». ՀՅԴ-ի Քարոզարշաւի Մեկնարկը Տրուեցաւ Արամ Մանուկեանի Արձանին Առջեւէն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.