Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետի ռազմական արտադրութիւններու հարցերով խորհրդական Հիւսէյն Տեհղան Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է իր զինուորները դուրս բերել Սուրիայէն` աւելցնելով, որ եթէ սուրիական կառավարութիւնն ու ժողովուրդը ուզեն պայքարիլ ամերիկեան ուժերուն դէմ, Իրան պատրաստ է զինուորական զօրակցութիւն տրամադրելու Դամասկոսին: Ըստ անոր, իր երկիրը չի փափաքիր նորանոր աւերումներ ու կործանումներ տեսնել Սուրիոյ մէջ, ուստի պատրաստակամ է երկխօսութեամբ եւ քննարկումներով լուծել Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութեան հարցը: