Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Թուրքիա. «Վերջին Տարիներուն Որոշ Հարցերու Մէջ Զիրար Սխալ Հասկցած Ենք» Կ՛ըսէ Մաաս

September 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաաս Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը:

Մաաս ընդգծած է, որ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած են որոշ սխալներ եւ լարուածութիւն, սակայն կողմերը պատրաստ են աշխատելու անոնց շուրջ:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Թուրքիան Գերմանիոյ համար պարզապէս դրացի չէ, այլ` ռազմավարական դաշնակից:

«Վերջին տարիներուն որոշ հարցերու մէջ սխալ հասկցած ենք զիրար, մենք խօսած ենք այդ բոլորին մասին», ըսած է ան:

Մաաս եւ Չաւուշօղլու քննարկած են նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր աջակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ` Իտլիպի գործողութեան հարցին մէջ որդեգրած դիրքորոշման համար, եւ նշած, որ Գերմանիան պիտի աջակցի նաեւ սուրիական տագնապին շուրջ Թեհրանի մէջ սպասուող եռակողմ վեհաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ դիրքորոշման:

Նախքան Թուրքիա իր այցելութիւնը, Մաաս իր այցելութեան մասին խօսած էր գերմանական «Պիլթ» օրաթերթին:

Պատասխանելով օրաթերթի թղթակիցի այն հարցումին, թէ արդեօք տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի՞ Թուրքիոյ, Մաաս ըսաւ.«Քաղաքական ու տնտեսական առումով Թուրքիոյ անկայուն վիճակը չի հետաքրքրեր մեզ: Սակայն հիմա խօսքը ո՛չ թէ յստակ նիւթական օժանդակութեան, այլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին է: Ատոր համար Թուրքիա պէտք է ջանք թափէ»:

Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ կան բազմաթիւ տարակարծութիւններ, որոնք իրենց լուծումը չեն գտած:

«Թուրքիոյ մէջ անընդունելի պատճառներով կալանքի տակ կը պահուին Գերմանիոյ վեց քաղաքացիներ: Առանց մեղադրական եզրակացութեան մարդիկ մէկ տարիէ աւելի կալանքի տակ կը պահուին: Այդ անընդունելի վիճակին պէտք է վերջ տալ», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Մերքել Փութինի Եւ Էրտողանի Հետ Քննարկած Է Իտլիպի Կացութիւնը

Յաջորդը

«Իսրայէլ Իրանին Պիտի Չարտօնէ Սուրիոյ Մէջ Ռազմակայաններ Ստեղծել» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.