ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սիլվա Քիւրտեան եւ զաւակները` Թաթիանա եւ Կասիա
Տէր եւ տիկին Յարութ Քիւրտեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Քիւրտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Քիւրտեան եւ զաւակը
Օրդ. Նազելի Քիւրտեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն Մաճարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Քիւրտեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ներսէս Թաշճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Անտոնեան եւ զաւակունք
Տիար Կարօ Պէրէճիգլեան եւ զաւակունք
Քիւրտեան եւ Պէրէճիգլեան ընտանիքներ
Կիրակոսեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Մաճարեան եւ Քարակիւլէեան ընտանիքներ
Էքմեքճեան եւ Շահինեան ընտանիքներ
Թամամեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ԽՈՍՐՈՎ ՔԻՒՐՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 31 օգոստոս 2018-ին, անարգ ոճիրի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
եւ
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ
Կիրակի, Սեպտեմբեր 2, 2018
Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյմէջ
Կը պատարագէ.-
Լիբանանի Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ`
Գերշ. Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան
Սկիզբ Ժամերգութեան Ժամը 8:30
Սկիզբ Ս. Պատարագի Ժամը 10:00
Նորընտիր Առաջանորդի պատգամ Ժամը 11:30
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ
Կէսօրէ առաջ Ժամը 11:00-ին
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ազգ. Վարչութեան հետ միասին,
նորընտիր Առաջնորդը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի
Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00
Սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԱՆԱՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԱԳՕ ՉՈՒԼՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի մահուան Գ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
—————————————
Մխիթարեան հայրերու վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ դպրոցին ընդհանուր վերամուտը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018-ին, եւ վարժարանը կրթական համակարգի հիմք կ՛ընդունի ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքները:
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարեշրջանին համար դպրոցը կը տրամադրէ փոխադրութեան անվճար սպասարկութիւն:
Իսկ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենայ «Բաց դռներ»-ու ձեռնարկ` լիբանանահայ համայնքին մօտէն ծանօթացնելու համար վարժարանը եւ անոր բաժանումները:
Յիշեցնենք, որ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ ժամը 2:00:
Մխիթարեան վարժարան… 21-րդ դարու ուսումնարան:
Հասցէ` Ռաուտա, Սեն Լազար փարք:
Հեռաձայն` 76/316042
Whatsapp:81/433257
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կը յայտնէ, թէ 2018/2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են արդէն եւ կը շարունակուին յուլիս ամսուան ընթացքին` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, իսկ 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 1:00:
Գիրգերու եւ տարազներու վաճառքը պիտի սկսի հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:
Կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ ձեւով`
– Հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր` Թ. դասարան եւ ԺԲ. դասարաններու բոլոր բաժանմունքները:
– Երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր` նախակրթարան, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններ եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ:
– Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր` մանկապարտէզ:
– Մանկամսուրը, իր երկու բաժանմունքներով, յուլիս ամսուն եւ 1 սեպտեմբերէն սկսեալ բաց է եւ կ՛ընդունի 3 ամսականէն մինչեւ 3 տարեկան փոքրիկներ:
Նորեկ աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
Անձնաթուղթի լուսապատճէն
2 լուսանկար
Նախորդ վարժարանէն վիճակացոյց
Փոխանցման գիր եւ պետական թիւի վաւերացուած հաստատագիր:
Նշենք, որ քոլեճի մէջ, յաջորդական 5-րդ տարին ըլլալով, կը գործէ Մանկավարժական խորհրդատուութեան բաժանմունքը, ուր գործող հոգեբան-խորհրդատուն, ուղղախօսութեան մասնագէտը, հոգեշարժողութեան մասնագէտը եւ ուղղավարժը պատրաստ են օժանդակելու կրթական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ տնօրէն խորհուրդին:
Արդիւնաբեր կրթական տարեշրջանի մը մաղթանքներով`
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՍՐԲ. ԱԳՆԷՍ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2018-2019
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Պրէօվէ` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր
Նախակրթարան եւ միջնակարգ` երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր
Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին 3 սեպտեմբերէն սկսեալ, ամէն օր ժամը 9:00-էն 1:00:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ»
ՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերէն սկսեալ, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00:
Կեդրոնը կ՛ընդունի յատուկ կարիքներ ունեցող հին եւ նոր աշակերտներ` երկսեռ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ, առաւօտեան ժամը 7:30-2:30:
«Զուարթնոց» կեդրոնը ունի յատուկ կրթական ծրագիր, աշխատանոցի դրութիւն եւ ինքնաշարժի սպասարկութիւն:
Վերամուտ` հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին:
Հասցէ` Պուրճ Համուտ-Թրատ, Թրատի նախկին Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:
Հեռ-ֆաքս. 01-257631
Ծ.- Մասնագիտացած դաստիարակութիւնը առաւել չափով արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, երբ մանուկներ փոքր հասակին կեդրոն կը ներկայանան:
Բարի վերամուտ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Լիաժամ կամ կիսաժամ դրութեամբ բժիշկի օգնական մը: Դիմել` 03-717841 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստներու վարպետ կարող: Դիմել` հեռ. 03/164767:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` Պուրճ Համուտի մէջ, Ազգային խորհուրդի շէնքեր: Դիմել` հեռ. 03-785237:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը նուիրեն 100.000 լ. ո. «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին` ԺԱՔ ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահուան առիթով:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Ստեփանեան ընտանիք Սանան Ստեփանեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ