Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Ալիեւի Հետ Տեսակցելէ Ետք. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Նպաստել Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման» Յայտարարեց Վլատիմիր Փութին

September 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին յայտարարեց, թէ Ռուսիա մտադիր է շարունակել իր նպաստը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:

«Մենք փոխանակած ենք միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերող միտքեր: Մասնաւորապէս, ի հարկէ, անդրադարձած ենք ղարաբաղեան հիմնախնդիրին: Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր` Ռուսիան պիտի շարունակէ ըստ կարելւոյն նպաստել այդ տագնապի խաղաղ լուծման», ըսաւ Փութին:

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Ռուսիան Ազրպէյճանի դրացին է, պատմական գործընկերն ու բարեկամը եւ յոյս յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ իր ջանքերը տագնապի լուծման գործին մէջ:

Ալիեւ նշեց, որ Ազրպէյճան աւելի քան 5 միլիառ տոլարի զէնք գնած է Ռուսիայէն եւ այդ համագործակցութիւնը աճի միտում ունի, որովհետեւ հանդիպումին քննարկուած է նաեւ զինուորական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ հետագայ համագործակցութեան հարցեր:

Ալիեւ Փութինը հրաւիրեց Ազրպէյճան:

Բանակցութիւններուն հիմամբ Փութինն ու Ալիեւը ընդունեցին միացեալ յայտարարութիւն` նշելով երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները: Պաքու եւ Մոսկուա համագործակցութեան 10 համաձայնագիր ստորագրեցին, այդ շարքին` նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Մասնաւորապէս «Ռոսնեվթ» ռուսական ուժանիւթի հսկան եւ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը միասնաբար պիտի հետազօտեն Կասպիցի քարիւղի ու կազի պաշարները Ափշերոն թերակղզիէն հիւսիս ինկած հատուածին մէջ:

Այցելութեան ընթացքին համագործակցութեան ընդլայնումի վերաբերեալ 10-է աւելի փաստաթուղթեր ստորագրուեցան, իսկ անձամբ երկու երկիրներուն ղեկավարները ստորագրեցին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան առաջնակարգ ուղղութիւններուն մասին միացեալ յայտարարութիւն մը:

Վլատիմիր Փութին, իբրեւ ամէնէն շատ հեռանկարային նախագիծերէն մէկը, առանձնացուց «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրական միջանցքի ստեղծումը, որ արեւմտաեւրոպական շուկան պիտի կապէ ասիականին եւ պիտի արագացնէ Իրանէն բեռներու փոխադրութիւնները Հարաւային Ասիայէն եւ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա:

Փաստաթուղթէն կը հետեւցուի, որ կողմերը հաւատարիմ պիտի ըլլան երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնումին եւ խորացման` բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ անվտանգութեան մասին համաձայնագիրի սկզբունքներուն հիման վրայ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալիեւին այցելութեան համար:

«Մենք շատ լայն փոխադարձ գործակցութիւն ունինք, զոր կ՛անուանենք ռազմավարական գործընկերութիւն: Յարաբերութիւնները կը զարգանան ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական մակարդակներու վրայ», ըսաւ Փութին:

Նախորդը

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի Սեմին` Եկեղեցւոյ Կից Գերեզմանատունը Կը Սրբապղծուի

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.