Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 1 սեպտեմբերի առաւօտեան խումբ մը ազրպէյճանցիներ Պարտա-Աղտամ ուղղութեան սահմանահատուածը քալելով անցնելու «նախաձեռնութեան» դիմած են, սակայն կարելի եղած է կասեցնել անոնց փորձը:
«Սադրանքը կանխուեցաւ ինքնին իրենց կողմէ, որոնք նախաձեռնած էին այս յիմարութեան: Կատարուածէն կարելի է եզրակացնել, որ ի զարմանս մեզի, բանականութիւնը աւելի ուժեղ գտնուեցաւ, քան մարդիկը մոլորութեան մղած զգացականութիւնը: Հակառակ պարագային ազրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կրնար յայտնուիլ աննախանձելի վիճակի մէջ», գրած է ան: