ՈՒԵՖԱ-ի նախկին նախագահ Միշել Փլաթինի քննադատեց տեսակրկնութիւնները ֆութպոլին մէջ:
«ՎԱՐ-ը տեսանիւթ է, որ արդար չէ օգնած ֆութպոլին: Գիտեմ, որ ատիկա ՖԻՖԱ-ի աշխատանքն է: Ատիկա անոնց կը վայելէ: Ով գիտէ, կարելի է, որ ապագային խմբապետներու եւ բերդապահներու մօտ ըլլան ականջակալներ: Իրաւարարական խորհուրդը ՎԱՐ-ի կողմնակից է, քանի որ ատիկա կը ծածկէ զանոնք, իսկ անոնք այն մարդոց կողմէ են, որոնք զանոնք կը կերակրեն», յայտարարեց Փլաթինի հարցազրոյցի մը մէջ:



