Գերմանուհի Անժելիքա Քերպեր, Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց մրցաշարքի առաջին հանգրուանին Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարգարիտա Գասպարեանին յաղթելէ ետք 7-6, 7-5, 6-3 արդիւնքով, մեկնաբանեց իր յաջողութիւնը` ըսելով.
«Գիտէի, որ վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով Մարգարիտան երկար ժամանակ մրցումներու չէ մասնակցած: Ան աստիճանաբար կը վերահաստատէ խաղի մակարդակը: Եթէ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն Մարգարիտան շարունակէ նոյն ոգիով խաղալ, կը բարձրանայ թենիսի համաշխարհային դասակարգումի վարկանշային աղիւսակին մէջ: Երկուքս ալ բարձրակարգ թենիս ցուցադրեցինք, յատկապէս առաջին սեթին»: