23 սեպտեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցակի առաջին տասնեակին մէջ ներկայացուած են հետեւեալ թեկնածուները.
1.- Միքայէլ Մանուկեան` Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան անտառային կոմիտէի նախագահ
2.- Դաւիթ Յակոբեան` «Յուսաբեր» ընկերութեան («Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի) տնօրէն
3.- Խաչատուր Ստեփանեան` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դոցենտ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ
4.- Ալեսիա Բեջանեան` Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման ազգային կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու
5.- Յովհաննէս Վարդանեան` Երեւան քաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար
6.- Լեւոն Գրիգորեան` «Գրիգոր Նարեկացի բժշկական կեդրոն»-ի տնօրէն
7.- Մհեր Սահակեան` Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան «Տեխնիկական անվտանգութեան ազգային կեդրոն» պետական կազմակերպութեան տնտեսական, տեղեկատուական եւ վերլուծութեան բաժանմունքի պետ
8.- Գաեանէ Եղիազարեան` «Լոնտոնայ» միջազգային ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն
9.- Պարոյր Սանթրոսեան` Երեւանի շրջանային թիւ 1 պետական քոլեճի տնօրէն
10.- Սասուն Աղայեան` «Հայանտառ» պետական կազմակերպութեան փոխտնօրէն:
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ