Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան առաջնահերթութիւններ փաստաթուղթի կիրարկումը ապահովող միջոցառումները համակարգող միջնախարարական յանձնախումբի առաջին նիստը, որ վարած է յանձնախումբի նախագահ, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:
Փոխվարչապետը նիստի բացման խօսքին մէջ նշած է, որ համաձայնագիրի կիրարկման հիմամբ բոլոր ոլորտներուն մէջ պիտի իրականացուին մեծ նշանակութիւն ունեցող բարեփոխումներ եւ յանձնախումբին մաղթած է աշխուժ եւ արգասաբեր աշխատանք: Մհեր Գրիգորեան բարձր գնահատած է շահագրգիռ մարմիններու կողմէ նախապատրաստական փուլին մէջ կատարուած աշխատանքները` յոյս յայտնելով, որ մշակուած նախնական փաստաթուղթերը եւ տեղեկատուութիւնը պիտի օգնեն յանձնախումբին պատշաճ ձեւով կատարելու իր առջեւ դրուած խնդիրները:
Նիստի ընթացքին միջնախարարական յանձնախումբի քարտուղար, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակի ղեկավար Սեդրակ Բարսեղեան զեկուցած է ճանապարհային քարտէսի մշակման աշխատանքներու ընթացքի եւ ժամանակացոյցի նախագիծին մասին, որմէ ետք յանձնախումբի անդամները քննարկած եւ հաստատած են ճանապարհային քարտէսի մշակման յստակ ժամանակացոյցը: Ըստ ժամանակացոյցի, մինչեւ տարեվերջ իրաւական փաստաթուղթի տեսքով պէտք է հաստատուի Եւրոպական Միութեան կողմին հետ համաձայնեցուած համաձայնագիրի կիրարկումը ապահովող միջոցառումներու ճանապարհային քարտէսի տարբերակը:
Նիստի օրակարգին վրայ էին ճանապարհային քարտէսին մէջ ներառուող շրջակայ միջավայրի եւ կլիմայի փոփոխութեան առնչուող միջոցառումները, որոնց վերաբերեալ զեկուցած է բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեան: Զեկուցումին յաջորդած է քննարկումը հարց ու պատասխանի ձեւաչափով: Այնուհետեւ քննարկուած են միջնախարարական յանձնախումբի աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ իրականացնելու ուղղութեամբ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ բարձրաձայնուած առաջարկները եւ հետագայ նիստերու ձեւաչափերը:



