Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Տեսակցած Է Մարտ 1-ի Զոհերուն Հարազատներուն Հետ

August 30, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 օգոստոսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Մարտ 1-ի զոհերու հարազատներուն հետ:

Ան ըսած է, թէ միշտ ալ ուզած է նման հանդիպումի կայացումը, սակայն ուզած է, որ անիկա տեղի ունենայ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ շատ ճշգրիտ արդիւնքներ կան Մարտ 1-ի գործի բացայայտման առումով: «Կը կարծեմ` վերջին ամիսներուն Մարտի 1-ի գործի բացայայտումը բաւական յառաջընթաց արձանագրած է, եւ օգոստոս 17-ի հանրահաւաքին ես յայտարարեցի, որ, ըստ էութեան, բացայայտուած կը նկատեմ ընդհանուր առմամբ Մարտ 1-ի գործը. կը մնայ ապահովել պայմաններ, որ այդ բացայայտումը հասնի իր բոլոր մանրամասնութիւններուն, որոնց կարգին ճշդուին սպանութիւններ կատարողներն ու դէպքերուն հանգամանքները», նշած է ան:

Փաշինեան դիտել տուած է, որ նախաքննութեան ամբողջ ընթացքին ու տարողութեան տեղեակ չէ եւ կրնայ հետեւութիւններ ընել այն յայտարարութիւններէն, զորս կատարած է Յատուկ քննչական ծառայութեան պետը եւ այն մեկնաբանութիւններէն, որոնք կատարուած են այս գծով ընդհանրապէս:

«Կը կարծեմ` այդ յայտարարութիւնները յոյս կու տան, որ մենք ամբողջական, բոլոր մանրամասնութիւններով բացայայտումներ պիտի ունենանք: Աւելորդ է ըսել, որ Մարտ 1-ի գործի բացայայտումը մեր կառավարութեան համար, ինծի համար եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար պատուի եւ քաղաքացիական արժանապատուութեան խնդիր է, եւ որեւէ կասկած չկայ, որ Մարտ 1-ի բոլոր ոճրագործները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին` անկախ այդ ոճրագործներուն անուն մականուններէն, ներկայիս կամ անցեալին վարած պաշտօններէն եւ ունեցած կարգավիճակէն», յայտնած է Փաշինեան:

Մարտ 1-ի զոհերուն հարազատները համոզմունք յայտնած են, որ  թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները կարելիութիւն պիտի տան լիարժէք կերպով բացայայտելու Մարտ 1-ի գործը եւ կառուցելու նոր Հայաստան:

 

 

Նախորդը

Միքայէլ Մանուկեանին Զրպարտում Են. Պարզաբանում

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Մարթին Զոնեպըրնը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.