Հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, այս շաբաթավերջին` 1-2 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Արզի 27-րդ ռելին, հիւսիսային Լիբանանի նահանգին մէջ:
Անիկա պիտի ըլլայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 318,42 քմ:
Արձանագրութիւնները, որոնք արդէն իսկ սկսած են, կ՛աւարտին չորեքշաբթի, 29 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին:
Ինքնաշարժներու շարժակներուն քննութիւնները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի, 30 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ: