Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան 24 օգոստոսին ընդունած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը:
Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Մանէ Ադամեան, նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Հռիփսիմէ Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Արեգ Ղարաբեկեան եւ նախարարութեան Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Այվազեան:
Ողջունելով Աւետիս Կիտանեանը` Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ ուրախ է ընդունելով զինք նոր Հայաստանի մէջ եւ պատրաստակամ է համատեղել ջանքերը` զարգացնելու եւ նոր որակ հաղորդելու զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան:
«Մեր երկրին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը յոյսի փոփոխութիւն է, եւ անհրաժեշտ է ամրապնդել այդ յոյսը հասարակութեան մէջ: Իբրեւ նախարար շատ կարեւոր կը նկատեմ ատիկա եւ պատրաստ եմ ընելու առաւելագոյնը մեր երկրի տնտեսութեան զարգացումը ապահովելու համար», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Նախարար Աւետիս Կիտանեան տեղեկացուցած է, որ տպաւորուած է հայաստանեան փոփոխութիւններով եւ աւելցուցած, որ հաճելի է կրկին հանդիպիլ այս նախարարութեան մէջ եւ շարունակել սերտ համագործակցութիւնը, որ սկիզբ առած է Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ մարզի պատասխանատուներու հետ շարք մը հանդիպումներու ընթացքին:
«Զբօսաշրջութիւնը այն մարզն է, որ կրնայ արագօրէն դառնալ տնտեսական զարգացման հիմնական աղբիւր: Այս ուղղութեամբ փորձենք միասնաբար աշխատիլ», ըսած է Աւետիս Կիտանեան եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած ջանքեր գործադրելու երկու բարեկամ երկիրներու զբօսաշրջութեան մարզերու զարգացման ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին արձանագրուած արդիւնքներուն վերաբերեալ (ըստ վիճակագրական տուեալներու, Լիբանանէն Հայաստան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 3.437 մարդ, նախորդ տարուան 2410-ի դիմաց, աճը նախորդ տարուան համեմատ կազմած է 42,6 առ հարիւր), միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ կայ զարգացման մեծ ներուժ եւ կարելիութիւն:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են զբօսաշրջութեան մարզի զարգացման կարելիութիւններուն առնչուող խնդիրներ, որոնց կարգին` նոր զբօսաշրջային ձեւերու զարգացման, զբօսաշրջութեան ենթակառուցուածքներու բարելաւման, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական ուղեցոյցներու եւ լրագրողներու խումբերու փոխադարձ այցելութիւններու, հանդիպումներու եւ համագործակցութեան կազմակերպման հարցեր:
Կողմերը համաձայնած են հետագայ համագործակցութեան քայլերը եւ գործողութիւնները աւելի առարկայական նախապատրաստել եւ քննարկել Արծուիկ Մինասեանի` ընթացիկ տարուան աշնան նախատեսուող Լիբանան եւ Սուրիա այցելութեան ժամանակ: