Էտինպուրկի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութեան 10 մեթրի սինքրոնի մրցաձեւին մէջ Վլատիմիր Յարութիւնեան-Լեւ Սարգսեան զոյգը գրաւեց երրորդ դիրքը` զիջելով միայն Ռուսիոյ եւ Անգլիոյ լաւագոյն հնգեակին մէջ են նաեւ Գերմանիան եւ Պիելոռուսիան:
Նշենք, որ 2017-ին Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, նոյն մրցաձեւին մէջ Հայաստանը ներկայացնող զոյգը գրաւած էր 9-րդ դիրքը:



