Յառաջիկայ չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքական պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Արմէն Գիւլպուտաղեանցի գլխաւորութեամբ: Խումբը պիտի մրցի Մոլտովայի դէմ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Քիշնեւի մէջ:
Այս մրցումին պատրաստուելու համար հայրենի կազմը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ 12 օգոստոսին պիտի սկսի մարզական հաւաքի մը:
Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հաւաքականին մարզիչին կողմէ նկատի առնուած են 20 ֆութպոլիստներ: Անոնց մէջ պիտի չըլլայ սակայն Հանրի Աւագեանը, որ Ալաշկերտի հետ պիտի մեկնի Քլուժի դէմ («Եւրոպայի լիկա») տեղի ունենալիք դարձի մրցումին: